

Մայիս 7, 2010ին Հ.Օ.Մ.ն ու Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը համաձայնագիր մը կնքեցին, որու հիմամբ տարին մէկ ուսանող Արցախէն եւ մէկ ուսանող Ջաւախքէն առիթը պիտի ունենան Հայկազեան Համալսարանէն ներս իրենց քառամեայ կրթութիւնը շարունակելու:
Համաձայնագրի հիմամբ, Հայկազեան Համալսարանը պիտի ստանձնէ ուսանողներու անվճար կրթութիւնը, իսկ Հ.Օ.Մ.ը ուսանողներու կեցութիւնն ու յարակից կարիքները:
Համաձայնագիրը կը շեշտէ, որ ուսանողները պարտին հետեւիլ մարդասիրական որեւէ մասնագիտութեան եւ աւարտելէ ետք պարտին առնուազն որոշ ժամանակով վերադառնալ իրենց հայրենի տարածքը, ծառայելու համար տեղական կարիքներուն:
Ուսանողի ընտրութեան մանրամասնութիւններու քննարկման համար Արցախ այցելած Հ.Օ.Մ.ի պատուիրակութիւնը 11 Մայիս, 2010ին հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի Կրթութեան Նախարար Վլադիկ Խաչատրեանի հետ, որ ինչպէս այս ծրագրի վերաբերող առաջին քննարկումներուն ընթացքին, անգամ մը եւս շեշտեց Արցախեան իշխանութիւններու զօրակցութիւնը անոր եւ խոստացաւ յետամուտ ըլլալ, որ Արցախի համալսարանական տարիքի լաւագոյն ուսանողներէն ընտրուին այս ծրագրի թեկնածուները: Նախարարը յայտնեց նաեւ, որ այդ աշխատանքին կարելի է սկսիլ կրթական այս տարեշրջանի քննութիւններու աւարտէն ետք միայն:
»Այս ծրագիրը լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն է մէկ կողմէ հայկական զանազան հիմնարկներու միջեւ գործակցութեան, միւս կողմէ, Հ.Օ.Մ.ի զանազան միաւորներու եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութեան«, յայտնեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Անի Մինասեանը Արցախի Կրթութեան Նախարարին հետ հանդիպումէն ետք: »Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը փափաքիմ նախ շնորհակալութիւն յայտնել Հայկազեան Համալսարանին ու անոր նախագահ Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանին, ցուցաբերուած անվերապահ գործակցութեան համար: Յատուկ շնորհակալութիւն, Հ.Օ.Մ.ի Աւստրալիոյ միաւորին, որ ստանձնեց այս ծրագրի ծախսերու մէկ մասի հովանաւորութիւնը: Շնորհակալութիւն մանաւանդ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին, որ ուսանողներու կեցութեան ծանր բեռը ստանձնեց: Չեմ կրնար շնորհակալութիւն չյայտնել Լիբանանի մէջ գործող ուղեկից բոլո°ր կառոյցներուն, որոնք իրենց անվերապահ աջակցութիւնը եւ ուսանողներուն նեցուկ կանգնելու պարտաւորութիւնը վերցուցին իրենց ուսերուն«, եզրակացուց ան:
Այս ծրագրին անդրադառնալով, Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանը յայտնեց. »Սփիւռքի պատմութեան մէջ իւրայատուկ նախախնամական դեր շնորհուած է Հայկազեան Համալսարանին որպէսզի բարձրագոյն ուսման ճանապարհով բաժին բերէ հայ ժողովուրդի վերելքին: Հայկազեանը կամրջող հաստատութիւն է, եւ Հ.Օ.Մ.ի հետ գործակցելով այսօր կամուրջը կը հասնի Արցախ ու Ջաւախք: Այս քայլը հարուստ տեսիլքի համեստ մէկ քայլն է: Մեր աղօթքն է որ հաստատուին մեր քայլերը եւ իսկապէս նպաստեն մեր հայրենի երիտասարդներուն«:
»Միջազգային ճանաչման ու համբաւի տէր Հայկազեան Համալսարանին ու Լիբանանի հիւրընկալ հայ համայնքի ապահով ձեռքերուն մէջ իրենց ուսումը շարունակելու պիտի երթան Արցախէն եւ Ջաւախքէն հայ երիտասարդներ«, արձանագրեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կրասիելա Գէորգեանը, որ հետապնդած էր այս ծրագրի օրինական մանրամասնութիւնները: »Մեր ժողովուրդի ապագայի կերտման մէջ լաւագոյն ներդրումը երիտասարդութեան բարձրագոյն ուսում տալն է«, նշեց ան: