Հ.Յ.Դ.- Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՆ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

p1 mario

ԵՐԵՒԱՆ, “ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան“.– Փետրուար 4-5ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մօտակայ Քաշքայշ քաղաքին մէջ, գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը, հիւրընկալութեամբ, տեղւոյն ընկերվարական կուսակցութեան:
2012ի Օգոստոս-Սեպտեմբերին, Հարաւափրիկեան հանրապետութեան մէջ կայացած կազմակերպութեան 24-րդ համագումարէն ետք, այս հանդիպումը Խորհուրդի առաջին ժողովն էր: Օրակարգի կարեւոր մասը յատկացուեցաւ կազմակերպական հարցերու:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան եւ այլ Բիւրոյի անդամ մը` Վահան Յովհաննիսեան:

Ժողովը, հիմնուելով Փետրուար 3ին կայացած կազմակերպութեան նախագահութեան նիստի առաջարկներուն վրայ, ձեւաւորեց տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր, յատուկ յանձնաժողովներ, աշխատանքային խումբեր եւ կանոնագրային յանձնախումբեր: Ժողովը նաեւ թափուր տեղերու համար ընտրեց երկու փոխնախագահներ, որոշումներ կայացուց անդամակցութեան ինչպէս նաեւ անդամակցութեան, կարգավիճակը բարձրացնելու համար դիմումներու կապակցութեամբ: Նախագահութեան նիստին մասնակցեցաւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն Մարիօ Նալպանտեանը:
Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ Վահան Յովհաննիսեան ընտրուեցաւ Ա.Պ.Հ. եւ Կովկասի տարածաշրջանային յանձնախումբի համանախագահ: Նախապէս այս պաշտօնը կը վարէր Մարիօ Նալպանտեանը: Առաջին անգամ ըլլալով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ընտրուեցաւ կազմակերպութեան կանոնագրային եւ վարչական յանձնախումբի անդամ:
Ժողովին արծարծուած հիմնահարցն էր.-` »Համաշխարհային տնտեսութիւնը.- Աճի, աշխատատեղերու եւ կայուն զարգացման մեր տեսլականը“:p1 hovanisian
Այս առթիւ, Ելոյթներ ունեցան տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալ բանախօսներ: Աւարտին, որդեգրուեցան բանաձեւեր եւ յայտարարութիւններ` արծարծուած հարցերու վերաբերեալ:
Ժողովը նաեւ որոշեց աշխարհով մէկ քարոզարշաւ ձեռնարկել` կանանց նկատմամբ բռնութեան դէմ: Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց մըն է, որ կը համախմբէ բոլոր մայր ցամաքներէն աւելի քան 140 երկիրներու շուրջ 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Ա.Պ.Հ. երկիրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եղած է, 2003-ին: Նաեւ Հ.Յ.Դ.-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց ընկերվար միջազգայնականին եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles