Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ-ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ 12-ՐԴ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ԱՒԱՐՏ

Յուզիչ էին բանակումի վերջին երկու օրերը, հրաժեշտի պահու անխուսափելի ժամանումին մօտենալը կը տրտմեցնէր մթնոլորտը…Այսուհանդերձ ընկերները առաջին օրուան աշխուժութեամբ ու եռանդով կը մասնակցէին օրակարգերուն:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանի հետ ընկերները զրուցեցին դաշնակցական երիտասարդի ու ազգային արժէքային համակարգ ընկալման մասին:
Հ.Յ.Դ. երիտասարդական գրասենեակի եւ միութիւններու ընդհանուր քաղաքականութեան ներկայացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակիպատասխանատու` Ցողիկ Աշըգեան:
Բանակումին ներկայացուեցան Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական գրասենեակի աշխատանքները, իրակագործուած եւ շարունակաբար իրագործելի երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ ծրագիրները, եւ անոնց մասին խումբերը հնարաւորութիւն ունեցան աշխատանոցներ ունենալ եւ ներկայացնել իրենց բարեփոխման առաջարկները:
Բանակողները մեծապէս օգտուեցան առաջին բոյժ օգնութեան (Հենրիկ Մարգարեան) եւ պաշտպանողական արուեստի (Սագօ Չափրազեան եւ Նարեկ Նարկիզեան) վարժութիւններէն, նաեւ քարտէսագրութեան, քարտէսներու ճդգրիտ ընթերցման եւ ընկալման ներկայացումէն (Մհեր Աւետիսեան)։
Բանակողներու համար հաճելի թուեցաւ մարզական խաղերու օրակարգային կէտը, որ ընդգրկեց՝ ճոպանեայ սահք (zip line), անօդաչու սարքերու ծանօթացում եւ այլ դաշտային կամ հետաքրքրական խաղեր ու վարժութիւններ:

Նախավերջին օրուան խարոյկին շուրջ, բանակողներուն միացան մեծաթիւ երիտասարդ եւ երէց ընկերներ, նաեւ համակիրներ, որոնք ապրեցան դաշնակցական խրախճանքներու ազգայնաշունչ ու անկեղծ մթնոլորտը: Ազգային եւ յեղափոխական երգերու փառատօնը եւ եզրափակիչ խարոյկը հրավառեցին երգիչներ` Ներսիկ Իսպիրեան, Արաբօ Իսպիրեան, Սամուէլ Երանեան եւ Սուրէն Աճէմեան:
Եզակի մթնոլորտը կը վերացնէր կասկածները Արցախը եւ բոլոր գրաւեալ հողերու վերադարձը ուշ կամ կանուխ իրականութիւն դառնալը:
Բանակումի ութ օրերը ակնթարթի նման անցան, սակայն այդ ութ օրերուն կուտակուած գիտելիքները, յուշերը, ընկերութիւնները եւ դաշնակցականի հարազատութիւնը դեռ շատ երկար պիտի ապրի իւրաքանչիւրի հոգւոյն մէջ, այնպէս ինչպէս ցարդ կ՚ապրին 1983-ին կազմակերպուած Հ․Յ․Դ․երիտասարդական-ուսանողական առաջին համահայկական բանակումին եւ անոր յաջորդող բանակումներուն մասնակցողներուն յիշողութեան մէջ։
*

