Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Բողոքի Ցոյցը՝ Քըլըչի Հայաստան Այցելութեան Առիթով

Թուրքիա–Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի Հայաստան այցելութեան առիթով, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան շէնքին առջեւ։
Ցուցարարներուն միացան նաեւ հանրային եւ քաղաքական դաշտի տարբեր ներկայացուցիչներ։
Երիտասարդները պարզեցին Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկարները, ինչպէս նաեւ «Ո՛չ ուրացմանը» գրութեամբ պաստառներ։ Մասնակիցները յայտարարութիւններ կատարեցին հայերէն եւ անգլերէն։
«Հայաստան հասած է Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը՝ Հայաստան – Թուրքիա միջպետական ճանապարհներու կարգաւորման անունին տակ։ Սակայն բոլորս ալ կը հասկնանք, որ այս հանդիպումը տեղի կ’ունենայ քաղաքական կողմի նախապայմանները բաւարարելու նպատակով։ Մենք հոս ենք՝ ըսելու, որ դէմ ենք ուրացման քաղաքականութեան», – ըսաւ երիտասարդականի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւտալեան, շեշտոլով, թէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը 100 տարի առաջ եւ հիմա ալ չէ փոխուած։
«Հայաստանին մէջ կայ սերունդ մը, որ կը պահանջէ Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում։ Ուստի կը յայտարարենք՝ այս իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած որեւէ պայմանաւորուածութիւն ոչինչ է։ Ո՛չ ուրացմանը», – եզրակացուց ան։
«Ես ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած ընտանիքի սերունդէն եմ։ Ո՛չ ես, ո՛չ իմ ծնողքս, ո՛չ ալ իմ սերունդները կարելիութիւն ունեցած են ծնուելու մեր պատմական հայրենիքի մէջ։ Անոր միակ մեղաւորը Օսմանեան կայսրութեան ոճրագործ քաղաքականութիւնն էր եւ անոր ժառանգ Թուրքիան։ Մեղաւորն է նաեւ պատմութեան դասերուն հետ չառերեսուիլը եւ այսօր ալ տակաւին արեան վրայ խաղաղութիւն փորձել հաստատելը», –նշեց Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Շահանէ Չոպանեան։
Իսկ Հ․Յ․Դ․ Երեւան Քաղաքային Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեան յայտնեց «Աւելի լաւ կ’ըլլար, որ թրքական բանագնացը ոչ միայն Փաշինեանի եւ անոր խմբակին հետ հանդիպէր, այլեւ հայ ժողովուրդի այն հատուածին հետ, որ իրականութիւնը կը ներկայացնէ»։
Մասնակիցները շարունակ վանկարկեցին՝ «Ո՛չ ուրացմանը»։

