Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւ Ծովեան Շրջանի Ժողովին

0 0
Read Time:47 Second


Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Մայիս 3-6-ին Ուքրայինայի մայրաքաղաք Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւ Ծովեան շրջանի երկիրներու համագործակցութեան ժողովը, որուն կը մասնակցէին 30 պատուիրակներ 9 երկիրներէ` Հայաստան, Վրաստան, Մոլտովա, Պիելոռուսիա, Ուքրայինա, Ռուսիա, Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Պուլկարիա: ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Արշակ Մեսրոպեանը:

Ժողովի ընթացքին մասնակիցները զեկուցեցին իրենց երկիրներու քաղաքական իրավիճակին եւ պատկան կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին: Քննարկուեցան շրջանին մէջ առկայ տագնապներուն հետ կապուած հարցեր եւ անոնց խաղաղ լուծման ուղիները:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ երիտասարդական միութիւններու ընելիքներուն, յատկապէս յետխորհրդային երկիրներու` կաշառակերութեան դէմ պայքարի, աղքատութեան վերացման, ընկերային արդարութեան եւ իրաւահաւասարութեան հաստատման առնչութեամբ:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի ժողովի աւարտին ընդունուեցաւ յայտարարութիւն, որու ընթացքին ի շարս այլ հարցերու, պատուիրակներն իրենց աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը յայտնեցին Հայաստանի մէջ ծաւալած համաժողովրդական շարժման:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն կ՛անդամակցին աւելի քան 143 կազմակերպութիւններ աշխարհի շուրջ 100 երկիրներէ: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան լիիրաւ անդամ է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles