ՓԱՐԻԶ.- Յունիս 21-23-ին Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներու Բիւրոյի ժողովը, որուն Հ.Յ.Դ.-ն ներկայացուց Անահիտ Յակոբեանը (Ֆրանսա):
Ժողովին կը մասնակցէին աւելի քան 40 երիտասարդ ընկերվարականներ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ` Ֆրանսա, Փորթուգալ, Իտալիա, Սպանիա, Պուլկարիա, Հոլանտա, Գերմանիա, Պելճիքա, Ֆինլանտա, Դանիա, Շուէտ, Նորվեկիա, Խրուաթիա, Կիպրոս եւ այլն:
Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներու Բիւրոյի ժողովը տեղի կ’ունենայ տարին երկու անգամ, անոր ընթացքին կազմակերպութեան նախագահութիւնը եւ վարչութիւնը կը ներկայացնեն իրենց կատարած գործունէութեան հաշուետուութիւնը, կը ճշդուի կազմակերպութեան քաղաքական ուղղութիւնը, եւ կ՛որդեգրուին բանաձեւեր:
Այս ժողովը առաջինն էր Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք:
Ժողովի պաշտօնական օրակարգէն ետք, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ներկայացուցիչը բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ մասնակից պատուիրակութիւններուն հետ` Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականին եւ անոնց միջեւ համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ:
Նշենք, որ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է:


