
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Oգոստոսին 5-8-ին, Գերմանիոյ Նիւրենպըրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային ֆալքոն շարժում – Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական կազմակերպութեան համագումարը, որուն մասնակցեցան կազմակերպութեան անդամ քանի մը տասնեակ միութիւններու 65 ներկայացուցիչներ:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Նժդեհ Գարագաւորեան («Նոր Սերունդ», Ֆրանսա):
Եռօրեայ համագումարին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, ինչպէս` որոշ երկիրներու մէջ նկատուող աջ ծայրայեղականութեան աճ, մարդու իրաւունքներու ոտնահարում եւ ահաբեկչութիւն:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ներկայացուցիչը համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ արցախեան տագնապին` իբրեւ մարդու եւ ազգի ոտնահարման դրսեւորում: Ապա ներկայացուց Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութիւններուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուող ճամբարներու աշխատանքները:
Համագումարի օրակարգին վրայ ներառուած էին անդամ միութիւններու կարգավիճակի փոփոխութեան հարցը եւ նոր նախագահութեան ընտրութիւնը:
Հարկ է նշել, որ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը երկար տարիներ Միջազգային ֆալքոն շարժում – Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական կազմակերպութեան կ՛անդամակցէր դիտորդի կարգավիճակով եւ մօտ մէկ տարի առաջ դիմում ներկայացուց լիիրաւ անդամ դառնալու:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ Գերմանիոյ այս համագումարին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը ժողովականներու մեծամասնութեան քուէով դարձաւ նշեալ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ:
Նժդեհ Գարագաւորեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով համագումարի մասնակիցներուն` ըսաւ, թէ նոր կարգավիճակը պիտի մղէ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը ալ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կազմակերպութեան աշխատանքներուն:
Օրակարգի վերջին կէտով ընտրուեցաւ նախագահութեան նոր կազմ: