
ԵՐԵՒԱՆ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Դեկտեմբեր 17-էն 20-ին, Սթոքհոլմի (Շուէտ) մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան ընդհանուր գիտաժողովը` նուիրուած գաղթականներու տագնապին:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը, այս գիտաժողովին կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով` Կարապետ Շատոյեան:
Հրաւիրուած էին Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց դասախօսութիւններուն մէջ անդրադարձան Եւրոպական Միութեան կեցուածքին գաղթականներու հարցին վերաբերեալ եւ վեր հանեցին այն պատճառները, որոնց հետեւանքով Միջին Արեւելքէն եւ ափրիկեան կարգ մը երկիրներէ մարդիկ լքելով իրենց տունն ու տեղը կը դիմեն փախուստի:
Անդրադարձ եղաւ նաեւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, որուն ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը ձայն առնելով` քննադատեց Եւրոպական Միութեան երկակի կեցուածքը, ըստ որուն այն պայմաններուն մէջ, երբ Եւրոպական Միութիւնը կը պայքարի կարգ մը երկիրներու դէմ, միաժամանակ աչք կը փակէ Թուրքիոյ վտանգաւոր եւ վնասակար քաղաքականութեան նկատմամբ, աւելի՛ն, կը համագործակցի անոր հետ` լաւապէս գիտակցելով, որ Թուրքիան մեղք ունի ստեղծուած բազմաթիւ հարցերու մէջ:
Մասնակիցներուն կողմէ ընտրուեցաւ չորս հոգինոց բանաձեւի յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ներկայացուցիչը:
Նաեւ, տեղի ունեցաւ ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Եւրոպայի կոմիտէի ժողովը, ուր ի շարս այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին ներկայացումով, մասնաւորապէս անդրադառնալով Սահմանադրական փոփոխութիւններուն, սուրիահայութեան հարցերուն, Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման եւ անոր հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն: