
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինը Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն վերաբերեալ լոյս ընծայած է յայտարարութիւն, ուր կ՛ըսուի․-
Հայրենակիցնե’ր
Համաժողովրդական շարժումով պայմանաւորուած ներքաղաքական նոր իրողութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ձգեցին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու թէ՛ քարոզարշաւին եւ թէ՛ արդիւնքներուն վրայ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անձնական բարձր վարկանիշը եւ անոր անմիջական մասնակցութիւնը քարոզարշաւին, ըստ էութեան, վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան եւ կանխորոշեցին Սեպտեմբեր 23-ին կայացած Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Հարկ կը համարենք միաժամանակ փաստել, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի ունեցան ազատ ու արդար պայմաններու մէջ եւ ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներու կամքի անվերապահ արտայայտութիւնն են:
Ընդունելով ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ յաղթանակի կապակցութեամբ շնորհաւորելով «Իմ Քայլը» դաշինքը` մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք աջակցելու մեր բոլորի երազած Երեւանը իրականութիւն դարձնելու գործին:
Որեւէ յաղթանակ պարտաւորեցնող է, եւ այս առումով կ՛ուզենք յոյս յայտնել, որ տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրած քաղաքական ուժը համարժէք պատասխանատւութեամբ կը մօտենայ իրեն տրուած մեծ վստահութեան:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմին