Լրահոս
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նոյեմբեր 2-ին, գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի,Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց վեհափառ հայրապետին: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կեանքին առնչուած հարցեր, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու ձգտող կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը եւ այդ ծիրին մէջ Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը շարունակելու կարելիութիւնները:

