
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անցեալ շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութեամբ գտնուեցաւ Փարիզ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի կուսակցական շարքերուն հետ: Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը՝ շրջանային վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպական օրակարգեր: Ժողովականներու տարաբնոյթ ու բազմաթիւ հարցադրումներուն, ներկայացուցիչ ընկերը տուաւ սպառիչ լուսաբանութիւններ:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 5-ին, «Այբ» Էֆ․ էմ․ ձայնասփիւռի կայանի հարցազրոյցով, ապա տեղի ունեցած հանդիպում-ընթրիքի երեկոյին, մասնակցութեամբ համակիր ու բարեկամ շրջանակներու, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանգամանօրէն նախ ներկայացուց Հայաստանի ու Արցախի իրավիճակը, պարզեց Դաշնակցութեան անելիքն ու առաջադրանքները, ինչպէս նաեւ զեկուցեց կուսակցութեան ու Հայ Դատի վերջին տարիներու գործունէութեան մասին: Այս առիթով եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց ընդհանուր գումարը կազմեց 102 հազար եւրօ: Ապա, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Փարիզէն մեկնեցաւ Պրիւքսէլ: