
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յուլիս 12-14-ին Արցախ ժամանեց .Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Այցելութեան առաքելութիւնը հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունէր` հանդիպումներ պետական տարբեր օղակներու հետ եւ ներքին կազմակերպական հարցեր, որ կը ներառէր Կեդրոնական կոմիտէին հետ. որոշ աշխատանքներու ծրագրում, հանդիպումներ Հ.Յ.Դ. շարքերուն հետ:
Այցելութեան ընթացքին Հ.Յ.Դ.-ի Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունեցաւԱրցախի Հանրապետութեան նախագահին, պետական նախարարին, արտաքին գործոց նախարարին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ: Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուեցան Արցախի հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վարուող բանակցութիւններուն վերաբերեալ Արցախի տեսակէտը, քննարկուեցան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման խնդիրները, որոնք սերտօրէն կ՛առնչուին Արցախի կարգավիճակին հետ: