
ՀԱԼԷՊ («Գանձասար») ․- Երկուշաթբի, Նոյեմբեր 8, 2021-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ այդ օրերուն ժամանած էր Հալէպ, Հ․Յ․Դ․ 131-ամեակի ձեռնարկին առթիւ։
Հանդիպումին արծարծուեցան համահայկական զանազան խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը: Սրբազան Հայրը զեկուցեց սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, յայտնելով, որ Սուրիան քաղաքական եւ ապահովական առումով, համեմատաբար նախորդ տարիներուն շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն ժողովուրդը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուար պայմաններ: Իր կարգին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը քաջալերական խօսքերով գնահատեց Թեմի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ սուրիահայութեան մաղթեց բարօր եւ ծաղկուն տարիներ:
Նաեւ, Սուրիոյ հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան ընդունեց Հ․Յ․Դ․Բիւրոյի ներկայացուցիչը։
Հիւրերը այցելեցին Ս. Գրիգոր վարժարան եւ աթոռանիստ եկեղեցի, ուր աղօթք կատարուեցաւ ի յիշատակ նահատակներուն։ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամը գերապայծառ Տիրոջ հետ զրուցեց սուրիահայ համայնքի, Հայաստանը, Արցախը եւ տարածաշրջանը յուզող հարցերու շուրջ։
Ապա Յակոբ Տէր Խաչատուրեան տեսակցեցաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեաի հետ։
Հիւրերը՝ Համայնքապետ Վերապատուելիին գլխաւորութեամբ մուտք գործեցին վերանորոգուած Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցի, ապա միատեղ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, մաղթելով անսասան պահէ Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր վերականգնումին ու բարգաւաճման համար ծառայող բոլոր նուիրեալները:
Տեղւոյն Բեթէլ վարժարանի աշակերտները հայաշունչ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան:
Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայրենիքի մէջ տիրող ներկայ քաղաքական պայմանները եւ անոր դաշտին մէջ գործող անձինք պէտք է զինուած ըլլան իմացութեամբ եւ իրատեսութեամբ:
Ան եզրակացուց, թէ պայքարի ուղին ոչ միայն Արցախի բռնագրաւեալ հողերու վերադարձով, այլ նաեւ անհերքելիօրէն պատմական Հայաստանի հողերու միացումով պիտի ըլլայ նաեւ:
Ապա Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Հայ Աւետարանական բոլոր կառոյցներուն մէջ ազգային մաքուր գաղափարախօսութեան եւ պայքարի նուիրումի ջամբումի աշխատանքը, որ յաջողութեամբ կ’աւարտի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ յանձինս՝ Վերապատուելիին գլխաւորութեամբ, համայնքին գաղութային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ տարած աշխատանքը: