Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Այցելեց Մոնթեվիտէօ

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second


ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութներ այցելութիւններու ծիրեն ներս, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեան այցելեց Ուրուկուայ եւ ունեցաւ կարգ մը հանդիպումներ, թէ՛ պետական եւ թէ՛ համայնքային մակարդակներու վրայ։ Մարգարեանի կ՛ընկերակցէին Հ.Յ.Դ. Հարաւայի Ամերիկայի Կ.Կ.-ի անդամներ՝ Էտուարտօ Կոստանեանն ու Արփի Հոճաճանեանը։
Պետական մակարդակի վրայ Մարգարեանի առաջին հանդիպումը, հայասէր եւ Հայ Դատի պաշտպան ծերակուտական, Ուրուկուայ – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ՝ Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմոյի հետն էր: Թարմ խօսակցութիւններ տեղի ունեցան Հայ Դատի եւ Արցախի շուրջ: Նշենք, թէ Մարտինէս Ուելմօ քաջատեղեակ է այդ հարցերուն, եւ հետեւողականօրէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն:
Երկրորդ հանդիպումը, իշխող Լայն Ճակատ Ընկերվարական Կուսակցութեան նախագահ, Խավիէր Միրանտայի հետ էր, որ իր կարգին մօտէն կը հետեւի Հայ դատի աշխատանքներուն:
Մարգարեանը նաեւ, հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. «Արմենիա» Երիտասարդական Միութեան անդամներու հետ: Ան տեղեակ պահեց հայրենիքի մէջ, երիտասարդականներու գործունէութան մասին, կարեւորելով Հայաստանէն հազարաւոր մղոններով հեռու, Ուրուկուայի երիտասարդականներու ուսերուն դրուած պատասխանատւութիւնը։ Ապա տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան:
Տեղւոյն «Վռամեան» Կոմիտէութեան շարքային ընկերներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Մարգարեան բաւական մանրամասնութիւններով, փոխանցեց Հայաստանի ներկայ իրավիճակը եւ վերանկախացումէն ետք, Հ.Յ. Դաշնակցութեան ստանձնած դերը, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ տնտեսական ոլորտներու մէջ։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը կատարուած բազմաթիւ հարցումներուն, ծաւալուն լուսաբանութիւններ տուաւ։
Մարգարեան նաեւ այցելեց «Կոմիտաս» Ռատիօժամի լսարանը ուր շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ։ Մարգարեանի Հարաւային Ամերիկա հայաշատ գաղութներու տուած այցելութեան վերջին հանգրուանը, Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքն էր։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles