
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով կատարուած պարգեւատրումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի 2017-ի մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը: Վկայագիրները մրցանակակիրներուն յանձնած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար պարգեւատրուած անձնաւորութիւններու կարգին էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Միջազգային խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն շնորհուած է «Մխիթար Գոշ» մետալ:
«Մխիթար Գոշ» մետալը կը շնորհուի պետական եւ հասարակական-քաղաքական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ դիւանագիտութեան, իրաւագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան ասպարէզներու մէջ նշանակալի ծառայութիւններու համար: