Հ.Յ.Դ. ԲԻՒ­ՐՈ­ՅԻ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒ­ՑԻՉ ՄԱՐԻՕ ՆԱԼ­ՊԱՆՏ­ԵԱՆ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑԵ­ՑԱՒ ԸՆ­ԿԵՐ­ՎԱՐ ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱՅ­ՆԱ­ԿԱ­ՆԻ ԽՈՐ­ՀՈՒՐ­ԴԻ ՆԻՍ­ՏԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 7 Second

Քոս­թա Ռի­քա­յի մայ­րա­քա­ղաք Սան Խօ­սէի մէջ Յուն­ուար 23-24, 2012-ին գու­մար­ուե­ցաւ Ըն­կեր­վար մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի խոր­հուր­դի նիս­տը` մաս­նակ­ցու­թեամբ ան­դամ 60 կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու շուրջ 170 պատ­ուի­րակ­նե­րուն: Հ.Յ.Դ.-ի կող­մէ ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ըն­կեր­վար մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մարիօ Նալ­պանտ­եան:

Ժո­ղո­վին բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Քոս­թա Ռի­քա­յի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Լաու­րա Չին­չի­լան, որ­մէ ետք ժո­ղո­վը քննար­կեց ներ­կայ տնտե­սա­կան ճգնա­ժամն ու կլի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին շարժ­ման հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րը:

Ժո­ղո­վը նա­եւ քննար­կեց Ըն­կեր­վա­րա­կան մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րաց­ման խնդի­րը` այս տար­ուան ըն­թաց­քին գու­մար­ուե­լիք կազ­մա­կեր­պու­թեան 24րդ Քոնկ­րէ­սին ըն­դա­ռաջ:

Ելոյթ ու­նե­ցաւ նա­եւ Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մարիօ Նալ­պանտ­եան: Ան բազ­մա­թիւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ տար­բեր պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րու հետ` Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու հա­յու­թիւնը շա­հագրգ­ռող հար­ցե­րու վե­րա­բեր­եալ:

Ժո­ղո­վը յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծեց Թուրք­իոյ մէջ խօս­քի ազա­տու­թեան եւ դա­տա­կան հա­մա­կար­գի ան­կա­խու­թեան մա­սին, ըստ որուն Ըն­կեր­վար մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը կը դա­տա­պար­տէ իր ան­դամ եւ Թուրք­իոյ մէջ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր Ժո­ղովր­դա­հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րին դէմ յա­րուց­ուած դա­տա­կան գոր­ծը, իր ան­դամ եւ Թուրք­իոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ քրտա­մէտ BDP կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ ընտր­ուած պե­տա­կան պաշ­տօն­եա­նե­րուն ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը, խօս­քի ազա­տու­թեան սահ­մա­նա­փա­կում­ներն ու գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան կող­մէ դա­տա­կան հա­մա­կար­գին վրայ հաս­տատ­ուած ամ­բող­ջա­կան հա­կակ­շի­ռը:

Նշենք, որ Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը, ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ըն­կեր­վա­րա­կան եւ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ հա­մախմ­բող հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռոյց մըն  է, որ կը հա­մախմ­բէ բո­լոր ցա­մաք­նե­րէն աւե­լի քան 140 եր­կիր­նե­րու 170 քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: ԱՊՀ եր­կիր­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն միայն Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը ու­նի լի­ի­րաւ ան­դա­մի կար­գա­վի­ճակ: Հ.Յ.Դ. ան­դամ Մար­իա Թի­թիզ­եան կազ­մա­կեր­պու­թեան փոխ-նա­խա­գահն է, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Մարիօ Նալ­պանտ­եան` Ա.Պ.Հ., Կով­կա­սի եւ Սեւ Ծով­եան եր­կիր­նե­րու յանձ­նա­խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles