Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Դատի Յանձնախումբէն Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպեցաւ Նախագահ Սարգսեանին Հետ

0 0
Read Time:46 Second

was

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սեպտեմբեր 30ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Ուաշինկթըն այցելութեան առթիւ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեան, Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախկին ատենապետ Կարօ Արմէնեան, ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայ ատենապետ Քէն Հաչիկեան եւ տեղւոյն Հայ Դատի գրասենեակի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան համազգային խնդիրներ ներառեալ Ատրպէյճանի յարձակողականութեան սրումը ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Էտ Ռոյս եւ Էլիըթ Էնկըլի ջանքերը ԵԱՀԿի՝ «արհեստական հաւասարութեան» ձախողած քաղաքականութիւնը դադրեցնելու ի պատասխան Ատրպէյճանի ռազմամոլութեան:

Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին նաեւ Սուրիահայերու ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը, Հայաստանի Սահմանադրական բարեփոխումները, Ա.Մ.Ն.- Հայաստան տնտեսական կապերը ներառեալ նոր, երկկողմանի Հարկային Պայմանագրի մասին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը:

Նախագահ Սարգսեանին կ՚ընկերակցէին Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, Հ.Հ. Ա.Մ.Ն.-ի մօտ դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ նախագահի բարձրաստիճան անձնակազմը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles