
Read Time:17 Second
Օգոստոս 17-19-ին, Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանին մէջ, տեղի կայացաւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի պատանեկան միութեան վարչութեան կողմէ կազմակերպուած բանակումը՝ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններէն ժամանած 55 պատանիներու մասնակցութեամբ:
Եռօրեայ բանակումի ծրագիրը կ՛ընդգրկէր մարզանք, ազգային երգ եւ պարի ուսուցում, խմբակային խաղեր, շարժապատկերի ցուցադրութիւն, զարգացման մրցում, խաղ, քայլարշաւ, այցելություն պատմամշակութային վայրեր եւ խարոյկահանդէս: