Հ.Յ.Դ. ԱՐՑԱԽԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲՐԻՏԱՆԻԱ
Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Բրիտանիոյ Մէջ, Փետրուար 22-ին մասնակցած է Լոնտոնի ,Նաւասարդեանե կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Հ.Յ.Դ. 124-ամեակի տօնակատարութեան: Դաւիթ Իշխանեան ներկայացուցած է ,Արցախի ազատագրական պայքարը եւ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնըե բնաբանով զեկուցում մը, որմէ ետք Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին հարցումներ ուղղած են Արցախի ներկայ քաղաքական, տնտեսական, ինչպէս նաեւ սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին մասին:
Իշխանեան, Բրիտանիոյ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Սեւան Արթինի ընկերակցութեամբ, տեսակցեցաւ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Սարգսեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են Արցախի հիմնահարցի, Արցախի քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Իսկ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին հանդիպումը խորհրդարանի անդամներ Ճոն Ուայթինկտէյլի եւ Սթիւըն Փաունտի հետ: Ճոն Ուայթինկտէյլ մշակոյթի, լրատուութեան եւ մարմնամարզի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ հայ-բրիտանական միջխորհրդարանական յանձնախումբի նախագահն է: Իշխանեան ներկայացուցած է Արցախի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը, Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցի տեսակէտները Արցախի հիմնախնդիրին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած է Արցախի միջազգային ճանաչումը: Նկատի ունենալով Արցախի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները` Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչը առաջարկած է զրուցակիցներուն դիտորդական կարգավիճակով մասնակցելու ընտրական հոլովոյթին` մօտէն ծանօթանալու համար Արցախի որդեգրած ժողովրդավարական ուղիին:


