Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան Այցելութիւնը՝ Ասկերանի Հրասայլ-Յուշարձանին

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Փետրուար 23-ին, Արցախի երիտասարդական միութիւնը այցելեց Ասկերանի հրասայլ-յուշարձան, ուր մաքրութիւններ կատարելէ ետք, պարզեց Հանրապետութեան դրօշը:

Երիտասարդականները նաեւ ծաղիկներով զարդարեցին այս հրասայլ-յուշարձանը, ի յիշատակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած զինուորներուն կամաւորներուն:

Նաեւ, անոնք սահմանագիծին մօտ յայտնուած հրասայլ-յուշարձանի տարածքին մօտակայ հայկական եւ Ատրպէյճանական յենակէտերը դիտարկելէ ետք,  կատարեցին տարածքի մաքրման եւ բարեկարգման աշխատանքներ:

Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները կոչ ուղղեցին հանրութեան մաքուր պահել եւ խնամքով վերաբերուիլ յաղթանակը խորհրդանշող այս յուշարձանին նկատմամբ:

Երիտասարդները այցելեցին նաեւ հայ սահմանապահներուն, ուր միասին ճաշեցին, զրուցեցին եւ ծանօթացան զինուորներու առօրեային:

Advertisement Donate Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button