Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Պիտի Ստեղծէ Հիմնադրամ` Հայոց Բանակին Օժանդակելու Համար

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second

Member of the ARF Bureau's Hay Dat Central Council Hakob Ter-Khachatryan, member of the ARF Supreme Body Arsen Hambardzumyan and representative of the Middle East office of Hay Dat Vera Yakubyan gave a press conference in Armenpress press club

Մայիս 12-ին, Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս տուին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան, Արցախի մէջ տեղի ունեցած 25 երկիրներէ 60 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ  Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովէն ետք, :

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները ապրիլեան մարտական գործողութիւններու վերսկսումէն ետք մեծ թափով սկսած են ամբողջ աշխարհին մէջ գործունէութիւն ծաւալել` օրակարգի վրայ ունենալով շարք մը հրատապ, առաջնահերթ հարցեր, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարը:
«Տարբեր պետութիւններու մէջ, յատկապէս արեւմտեան երկիրներուն, Ազրպէյճան միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ մեծ հեղինակութիւն վայելող միջազգային պարբերականներուն միջոցով տեղեկատուական պատերազմին մէջ նախայարձակ ըլլալու համար: Ապրիլի սկիզբը իբրեւ զոհ ներկայացուց ինքզինք եւ շեշտեց, որ իբրեւ թէ Հայաստանը յարձակած է: Պէտք չէ թերագնահատել ատրպէյճանական եւ թրքական այն զանգուածը, որ արտասահմանի մէջ հակահայ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Ատրպէյճան առանձին չէ այդտեղ, մեծ կարելիութիւններ կը տրամադրէ Թուրքիան, որ այս հարցին մէջ յստակ կողմ է, միացեալ քաղաքականութիւն կը վարէ Ազրպէյճանի հետ: Այս կը նշանակէ, որ մենք առաւել եւս պէտք է լարենք մեր ուժերը», շեշտեց ան:
Ըստ Տէր Խաչատուրեանի, Հ.Յ.Դ.-ի միջազգային կառոյցները ջանքեր ի գործ կը դնեն սփիւռքի հայութիւնը ոտքի հանելու եւ նիւթական միջոցներով հանգանակութիւններ կատարելու ուղղութեամբ, որպէսզի ստեղծուի հիմնադրամ, որ պիտի կարենայ զօրակցիլ հայոց բանակին:
Տէր Խաչատուրեանի համաձայն, Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը, հիմնական հարց է Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի հզօրացումը, ռազմավարական դաշնակիցի ճշդումը, որպէսզի Արցախի պաշտպանութիւնը աւելի բարձր մակարդակի վրայ ըլլայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles