ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, Յունուար 16-ին, սկիզբ առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը:
Ժողովին կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. կազմակերպական բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ ընկերներ: Կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովի օրակարգը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի ներքին կեանքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող, ազգային ու պետական առումներով հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներ:
Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովին մասնակցողները այցելեցին Երեւանի քաղաքային պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու Հ.Յ.Դ.-ի նուիրեալ գործիչներ Արամ Մանուկեանի, Հրայր Մարուխեանի եւ Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմներուն:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքով` Ընդհանուր ժողովէն առաջ պանթէոն այցելելը կապուած էր Վահան Յովհաննիսեանի վաղաժամ մահուան:
«Վահանը մտածող մարդ էր, միշտ իր տեսակէտները ունէր: Բոլոր ժողովականները ծանօթ են Վահանի տեսակէտին», նշեց Մարգարեան:
Ժողովի արդիւնքներուն մասին, յետագային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին:
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան


