Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇԻՆՔԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 50 Second

tashink

Կարօ Արմենեան
Յունուար 21, 2016
Ուաշինկթըն

Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան առաջարկին ընդառաջելով՝ համախոհական կառավարութիւն կազմելու Դաշնակցութեան սկզբունքային որոշումը հրապարակուած է պաշտօնապէս և Հ.Հ. Նախագահին հետ բանակցութիւններու գործընթացը արդէն իսկ սկիզբ առած։ Այս կէտին վրայ, գոյութիւն ունին շարք մը հարցականներ և սակայն յստակ է մէկ բա՛ն։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին յաջորդող այս փուլը նոր մարտահրաւէրներու առջև պիտի դնէ Հանրապետութեան Նախագահն ու ցարդ ընդդիմութեան դիրքերէն գործող Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։ Հարց պէտք է տալ, թէ ու՞ր կը գտնուի քաղաքական մշակոյթի տարբեր և յաճախ իրերամերժ կերպարներով առաջնորդուող երկու քաղաքական ուժերու հանդիպման կէտը։ Արդեօ՞ք հասած է այն պահը, երբ քաղաքական բեմի կորագծերը ի վերջոյ պիտի կարենան մատչիլ նոյն կենսական առաջնահերթութեան։ Արդեօ՞ք եկած է վայրկեանը քաղաքական դաշտէն ներս արմատական տեղաշարժի, որուն սպասեց մեր ժողովուրդը մեր նոր պետականութեան կեանքի քսան հինգ տարիներու ողջ տևողութեան։

Մեկնակէ՛տը այս գործընթացին՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Նոյեմբեր 8, 2012-ին հրապարակուած յայտարարութիւնն է՝ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին հանգամանօրէն օրակարգ բերելով Դաշնակցութեան պահանջներու փաթեթը։ Վերջինս կը բաղկանայ եօթը թուագրուած և մէկ անթուակիր առաջադրութիւններէ, որոնք միասնաբար նշուած են որպէս Դաշնացութեան գործի հիմնական առաջնահերթութիւնը։ Յիշեալ առաջադրութիւնները կը վերաբերին երկրի պետական և հասարակական կեանքէն ներս իրագործուելիք համակարգային փոփոխութիւններուն, Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքին և Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն։ Իրենց բնոյթով՝ անոնք շատ աւելին են քան կուսակցութեան մը ընտրական պլատֆորմը։ Անոնք կը սահմանեն Դաշնակցութեան քաղաքական դաւանանքն ու վարքագիծը Հայաստան երկրի այսօրուան մարտահրաւէրներու դիմակայման գործին մէջ։ Աւելի՛ն. անոնք, ըստ էութեան, յղուած են ոչ միայն գործադիր իշխանութեան, այլև ընդդիմադիր դաշտի ուժերուն։ Անոնք այն իսկ կէտերն են, որոնցմով կ՚ըսկսի մեր խօսակցութիւնը հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան մեծ խնդրին մասին և բոլոր անո՛նց հետ՝ որոնք իրական դերակատարներն են ըլլալու մեր երկրի վաղուան քաղաքական բեմահարթակին։

ՊԷտք է անմիջապէս հաստատել, որ անցնող երեք տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը կարևոր յառաջխաղացք արձանագրեց այս մարզին մէջ։ Նուաճեց կարևոր հանգրուաններ համամասնական ընտրակարգի և առհասարակ խորհրդարանական համակարգի օրինականացման գծով։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն այս բանին կենդանի ապացոյցն է։ Եւ սակայն սկսուած գործը դեռ շատ հեռու է աւարտած ըլլալէ։ Նոր սահմանադրութիւնը դեռ չէ զարնուած իրական կեանքի փորձաքարին և մեծ գործը մեր առջևն է դեռ։

Դաշնակցութեան խօսակիցները պէտք է գիտնան, որ Դաշնակցութիւնը պարագայական գործընկեր մը չէ։ Անոնք պէտք է յիշեն, որ այս պետականութեան օրով Դաշնակցութիւնը արդէն երկու անգամ եղած է համախոհական (կոալիցիոն) կառավարութիւններու մէջ իր ուսերուն վերցնելով կարևոր պատասխանատւութիւններ, թէկուզ փոքրամասնական դիրքերէ։ Պէտք է նաև յիշեն, որ ան չէ վարանած խզելու իր դաշինքը՝ միշտ առաջնորդուելով մեր երկրի և մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերէն։ Ճիշտ է. նոր սահմանադրութեան փաստական կիրառումը կ՚ըսկսի նախ Ազգային Ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւններով և ապա Նախագահի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտով (2018-ին)։ Իրականութեան մէջ, սակայն, նոր սահմանադրութեան էական գործադրութիւնը սկիզբ պիտի առնէ այն օրն իսկ, երբ Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ համախոհական կառավարութեան…Քանի որ այն ինչ, որ պիտի փոխուի վճռականօրէն, առաջին հերթին, երկրի քաղաքական մշակոյթն է և համախոհական կառավարութեան կազմութիւնը, իր ուղղութեամբ և խորքով, պիտի անպայման մարմնաւորէ այս կենսական չափանիշը։ Այլ կերպ կարելի չէ պատկերացնել մեր առջև գտնուող յաջորդ հանգրուանը։ Կարելի չէ՛, քանի որ Դաշնակցութեան դաշինքը, ինչպէս միշտ, նախ և առաջ և միայն ու միայն մեր ժողովուրդին հետ է։

Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ի՞նչ արմատական տեղաշարժերու ատակ է Հայաստանի պետական մեքենան։ Մեր երկիրն ու մեր ժողովուրդը կը գտնուին մեծ երկընտրանքներու առջև։ Փոքր քայլերու քաղաքականութիւնը վաղուց սպառած է ինքզինք։ Մեծ, համարձակ, ապագայասևեռ նախաձեռնութիւններու պատմական ժամանակն է։ Նոր գետին պեղելու, դիզուած պարտամուրհակները միանգամընդմիշտ մարելու, մեր ժողովուրդին մաքուր հաւատք ներշնչելու, մեր մատղաշ սերունդին ապագան իմաստաւորելու, մեր հաւաքական գոյութեան խարիսխը ամրակայելու և մեր անկախ պետականութիւնը դէպի նոր մեծութիւն ճամբայ հանելու անյետաձգելի ժամանակն է, բարեկամնե՛ր։ Այո, հասա՛ծ է այդ ժամանակը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles