Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 103-ԱՄԵԱԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ «ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»-Ը՝ 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second

 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 103-ամեակի լուսանկարչական մրցանքը, որ յայտարարուած էր 16 Նոյեմբեր 2021-ին՝ միութեան հիմնադրութեան տարեդարձին օրը, իր աւարտին կը հասնի շուտով։ Մրցանքին մասնակցելու վերջին պայմանաժամն է 20 Փետրուար 2022-ը, որովհետեւ արդիւնքներուն հրապարակումը ընկերային ցանցերով պիտի կատարուի «Հայ սկաուտի օր»ը՝ 24 Փետրուարին։

Յայտնենք, որ այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած է դատական յատուկ կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն լուսանկարիչ Րաֆֆի Պէրպէրեան, բեմադրիչներ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Ծովիկ Թորիկեան, արուեստագէտ Արա Ազատ, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ` խմբագիր Նորա Բարսեղեան, նկարչական թեքնիք աշխատանքներու մասնագէտներ Դալար Մազլումեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան։

Մրցանքին առաջին երեք դիրքերը գրաւող մասնակիցները կ’արժանանան հետեւեալ մրցանակներուն.-

Առաջին մրցանակ.- 1000 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ «CANON» վաճառանիշով լուսանկարչական մեքենայ մը։

Երկրորդ մրցանակ.- 300 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ լուսանկարչական քամերայի portable tripod մը եւ պայուսակ մը։

Երրորդ մրցանակ.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը յաւերժացնող արժէքաւոր ժամացոյց մը՝ յատուկ հաստատագիրով։

Երեք մրցանակակիրները կը ստանան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի մէկ տարուան բաժանորդագրութիւն։

Մրցանքին մասնակցութեան պայմաններն են.-

 

Ա) Մրցանքին կրնան մասնակցիլ 18 տարեկանէն վեր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ եւ ոչ-Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ։

Արհեստավարժ լուսանկարիչներ չեն կրնար մասնակցիլ սիրողական նկարիչներու համար նախատեսուած այս մրցանքին։

Բ) Մրցանքին թեման է՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առօրեան»։ Հետեւաբար, մրցանքին կարելի է ներկայացնել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական, մարզական, անդամական, ընկերային, հանրային թէ բարեսիրական գործունէութեան առնչուած որեւէ լուսանկար, որ հարազատօրէն կը ցոլացնէ միութեան կեանքն ու առօրեան։

Գ) Մրցանքին ներկայացուած լուսանկարները (սեւ-ճերմակ կամ գունաւոր) պայման է որ ըլլան նոր նկարուած եւ մասնագիտական վերամշակումի (Photoshop-ի) չենթարկուած լուսանկարներ։

Դ) Լուսանկարները կրնան նկարուիլ որակաւոր հրատարակութեան յարմար լուսանկարչական քամերայով եւ բջիջային հեռաձայնով։

Ե) Լուսանկարները հարկ է ունենան համապատասխան խորագիր։

Զ) Լուսանկարները պարտին մինչեւ 20 Փետրուար 2022 ուղարկուած ըլլալ մրցանքի կազմակերպիչ յանձնախումբի ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ Karozchagan@homenetmen.org, նշելով նկարի հեղինակին անուն-մականունը, շրջանը եւ լուսանկարին խորագիրը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles