Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն` Երեւանի Մէջ

0 0
Read Time:2 Minute, 37 Second


ԵՐԵՒԱՆ․- Յուլիս 24-ին Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց արժանի յարգանքն ու գնահատանքը ընծայեցին մէկ դարեայ «կամաւոր բանակ»-ին` Հ,Մ,Ը,Մ,-ին, որ Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ, Հալէպ, Լոս Անճելըս, Փարիզ, Սիտնի ու Մոսկուա եղաւ աշխարհասփիւռ հայութեան ամէնէն բազմամարդ ու ամէնէն աշխուժ երիտասարդական կազմակերպութիւնը. ապրեցաւ ու գործեց ազգային անժամանցելի արժէքներով, բարոյական վեհ սկզբունքներով եւ մարդակերտման ու հայակերտման մնայուն առաջադրանքներով:
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին ու գնահատանքին լաւագոյն արտայայտութիւնը եղաւ պաշտօնական տօնակատարութիւնը, որ յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ Ալեքսանտր Սպենդիարեանի օփերայի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, հովանաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն:
Տօնակատարութեան իրենց ներկայութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ը պատուեցին նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Կարէն Աւետիսեան եւ հայրենի հիւրեր։
Ներկայ էին նաեւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, միութեան 26 շրջաններու պատասխանատուներ եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած բազմահարիւր Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներ:
Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի, Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի եւ 100-ամեակի դրօշներուն սրահ մուտքով: Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի շեփորախումբի կշռութաւոր եղանակին հետ դրօշները բերին 12 սկաուտներ եւ 4 դրօշակակիրներ:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արշակ եպս. Խաչատրեանի Տէրունական աղօթքով եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան գիրին ընթերցումով: Այնուհետեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը ընթերցեց Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:
Խօսք առաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ նշեց, որ Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը կեանքի կոչեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր-Բարձրացուր»-ը: Տարիներ շարունակ խեղճացած, կռացած հայ մարդը վեր բարձրացաւ եւ իրեն հետ բարձրացուց հայրենիքը: Փաշինեան յայտնեց, որ մենք պիտի շարունակենք բարձրանալ, մինչեւ որ ճախրենք մեր ազգային-պետական երազանքներու մակարդակին:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անունով, խօսք առաւ Բենիամին Պչաքճեան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին պէտք է վեր առնել Հայաստանի Հանրապետութեան վերակերտման համար աշխատած, դաստիարակած ու դաստիարակուած եւ տասնեակ հազարաւոր սերունդներ Մայիս 28-ի շունչով կազմաւորած Հ․Մ․Ը․Մ․-ի առաքելութեան իրագործման փաստը:
Հանդիսութեան վերջին խօսքը արտասանեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան նշեց, որ «Հ․Մ․Ը․Մ․-ը սուղ գին վճարեց ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարակիրը ըլլալուն համար: Սփիւռքի մէջ, ան երբեք դիւրին պայմաններու մէջ չգործեց: Հ․Մ․Ը․Մ․-ը մարզախաղեր կիրարկեց առանց մարզադաշտ ունենալու: Հ․Մ․Ը․Մ․-ը սկաուտութիւն կազմակերպեց առանց անհրաժեշտ յարմարութիւններ ունենալու: Բայց Հ․Մ․Ը․Մ․-ը գործեց եւ շատ լաւ գործեց, որովհետեւ կամաւոր բանակի սկզբունքով, անոր անդամներէն իւրաքանչիւրը իր միտքն ու բազուկը ի սպաս դրաւ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին: Հ․Մ․Ը․Մ․-ը գործեց, մեծցաւ, ուռճացաւ եւ հզօրացաւ` բացառաբար ապաւինելով իր անդամներու կամաւոր աշխատանքի գիտակցութեան, պատրաստակամութեան եւ զոհողութեան ոգիին»:
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրեցաւ միութեան հիմնադիր սերունդի նահատակ անդամներէն Վահան Չերազի դուստրը` Բիւրակն Չերազ-Իշխանեանը եւ միութեան գաղափարախօս, նահատակ Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռը` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանը:
100-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան յաջորդեց կալա-ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախագահն ու տիկինը, հայրենի պետական հիւրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի բարերարներ ու բարեկամներ: Սրտի խօսքեր փոխանցեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles