Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 57 Second

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, երէկ կէսօրին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուեցան հայրենի լրատուամիջոցները՝ գալիք օրերու ձեռնարկներուն մասին ընդհանուր գաղափար մը կազմելու եւ հանրութեան ըստ արժանւոյն լուսաբանելու համար։
Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նունէ Այլանճեան, նախարարութեան բաժիններու պատասխանատուներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան եւ Մոսիկ Թոփուզեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան։
Ասուլիսին բացումը կատարեց Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նունէ Այլանճեան։ Ան նշեց, որ հանդիպումին նպատակը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումին մասին տեղեկութիւններ փոխանցել է։ Ան յաջողութիւն մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին եւ հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Գառնիկ Մկրտիչեանը, Վաչէ Նաճարեանը եւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեանը՝ փոխանցելու իրենց խօսքերը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան եւ յատկապէս Սփիւռքի նախարարութեան, որոնք անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին մասնակից դարձան 100-ամեակի ձեռնարկներու նախապատրաստութեան եւ ամէն դիւրութիւն եւ յարմարութիւն ընծայեցին ձեռնարկներու յաջողութեան՝ յատուկ գերատեսչութեան ճամբով թէ զանազան նախարարութիւններու կապուած աշխատանքներու համադրումով եւ հետապնդումով։
Այնուհետեւ, Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց 100-ամեակի ձեռնարկները, անոնց մասնակիցներն ու պատասխանատուները։ Ան հաստատեց, որ 100-ամեակի բանակումին եւ ձեռնարկներուն կը մասնակցին 26 երկիրներէ աւելի քան 1200 սկաուտներ, 200 նախկին խմբապետներ, բազմահարիւր ծնողներ, համակիրներ, հրաւիրեալներ եւ հիւրեր։ Մկրտիչեան նշեց նաեւ, որ 100-ամեակի հանդիսաւոր տողանցքը պիտի կատարուի Շաբաթ, 21 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6-ին, «Ազատութեան» հրապարակէն «Հանրապետութեան» հրապարակ կատարուելիք շքերթով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումին մասնակիցները, աշխարհի չորս ծագերէն եկած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նախկին խմբապետներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի սկաուտներ։
Մամլոյ ասուլիսին յաջորդ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ սկաուտականի պատասխանատու Վաչէ Նաճարեան։ Ան խօսեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու պատմութեան մասին եւ ըսաւ, որ միութեան համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն ետք, այս բանակումը տասնմէկերորդն է իր տեսակին մէջ, նաեւ՝ եօթներորդը որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ։ Բանակումը կազմակերպուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ եւ աշխատանքներուն ընդհանուր ծրագրումը վստահուած է Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական մարմինի անդամներուն՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Օշին Փիրումեանին, Վաչէ Նաճարեանին եւ Բագրատ Եսայեանին։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ բանակումի ընդհանուր խմբապետ նշանակուած է իգական սեռի ներկայացուցիչ մը՝ Թալին Օրտողլեան Լիբանանէն։ Կողքին կը գործեն երկու փոխ խմբապետներ եւ 12 հոգինոց գործադիր խմբապետական կազմ մը, որուն անդամները կու գան միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերէն։
Խօսք առաւ նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի խմբապետ Թալին Օրտողլեան։ Ան ըսաւ, որ Հինգշաբթի, 19 Յուլիսին ընթացք առնելիք բանակումը աննախընթաց է մասնակիցներու իր թիւով՝ աւելի քան 1100 բանակողներով։ Նախապէս, բանակումներու մասնակիցներու թիւերը չեն հասած 800-ի, սակայն այս մէկը բացառութիւն է՝ նուիրուած ըլլալով միութեան 100-ամեակին։ Բանակումը ունի չորս տեսակի աշխատանքներ՝ սկաուտական, ազգային, հայրենաճանաչութեան եւ 100-ամեակի ձեռնարկներու մասնակցութեան։ Առաջին անգամ ըլլալով, բանակումի հանդիսաւոր տողանցքին եւ բազմամշակութային օրուան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նախկին խմբապետներ, որոնք այս առիթով կը ժամանեն Հայաստան։
Օրտողլեան յայտնեց, որ բանակումին յայտագիրը կ’ընդգրկէ սկաուտական յայտագիրներ, Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր այցելութիւններ, Արագած լերան նուաճում, հայկական խաչքարագործութեան եւ պարի ծանօթացում, բազմամշութակային օրուան կազմակերպում, ռալի արշաւ, զապգացման մրցում եւ այլն։
Մամլոյ ասուլիսի աւարտին, ներկայ թղթակիցները Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչներուն հարցուցին շարք մը հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին միութեան 100 տարուան առաքելութեան, սկաուտական գործունէութեան եւ հայապահպանման աշխատանքներուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles