
Կիրակի, Յուլիս 29-ի երեկոյեան, յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով իրենց աւարտին հասան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններն ու համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումը, որոնք ամբողջ տասը օր մէկ դարեայ «կամաւոր բանակ»-ին խօսքն ու գործը ծանօթացուցին հայրենի հայութեան, հայ մարմնակրթութեան 100 տարուան աւանդներուն վերարժեւորումը կատարեցին եւ Հայաստանին յիշատակ ձգեցին 100-ամեակի յուշակոթողը Բիւրականի մէջ, Վահան Չերազի արձանը` Գիւմրիի մէջ, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը` Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան-թանգարանին մէջ:
«Փարաւոն» ճաշարանին մէջ կատարուած յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսին մասնակցեցան երկու հազար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ` համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի մասնակիցներ, հիւրեր, բարեկամներ, բարերարներ եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով աշխարհի զանազան երկիրներէն Հայաստան եկած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ:
Օր մը առաջ, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը Բիւրականի մէջ իր աւարտին հասաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումը:
Հայաստանի մէջ կատարուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եօթը բանակումներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նաեւ` միութեան 100-ամեայ պատմութեան մէջ գեղեցիկ նախընթաց մը ստեղծելով, բանակումին փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ նաեւ հայրապետական իր պատգամը ուղղեց բանակումին մասնակից 1200 սկաուտներուն:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ նշեց, որ դարերով հայ մարդը կերտեց հայ հողը: Կառուցեց բերդեր, ամրոցներ եւ տաճարներ: Ստեղծեց մշակոյթ եւ հոգեւոր արժէքներ, որոնց ապաւինած` մեր ժողովուրդը դիմագրաւեց իր դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, թէ շնորհիւ իր հաւատքին ու մշակոյթին, հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ ամէնէն դաժան փորձութիւններէն: Վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրէն, ու թէեւ եղեռնահար, ան կրցաւ իր յաղթանակներով վերակերտել անկախ պետականութիւն:
Շարունակելով, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յայտնեց, որ 2018 տարին կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման եւ Մայիսեան հերոսամարտերուն 100-ամեակին, որուն ընդառաջ` տարին հռչակուած է երիտասարդութեան տարի, որպէսզի կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներն ու հոգեւոր հովիւները խրախուսեն եւ քաջալերեն երիտասարդները` Հայաստան այցելելու եւ հայրենի իրականութեամբ զօրանալու, հայ կեանքին ու անոր յոյսերուն, դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն ծանօթանալու համար:
Աւարտին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան` այսքան մեծաթիւ սկաուտներ Հայաստան բերելու եւ զանոնք իրենց երկրին ու ժողովուրդին կապելու համար: «Դուք պիտի ըլլաք այս երկրին եւ անոր ժողովուրդի ապագային կերտողները», եզրափակեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան խօսք առնելով ըսաւ․- «Եկէ՛ք Հայաստան, կեանքի՛ կոչեցէք «Դէպի երկիր» կարգախօսը: Մա՛ս կազմեցէք պետականաշինութեան հոլովոյթին: Հայաստանը ո՛չ միայն ձեր հայրենիքն է, այլ նաեւ` ձեր երկիրն է իր պետականութեամբ: Հայրենիքը սիրով կը սպասէ ձեզ: Մենք միասին պիտի կերտենք մեր ազգի լուսաւոր ապագան, մենք միասին պիտի կառուցենք նոր Հայաստանը»:
Ապա, տեղի ունեցաւ սկաուտական «Արարատեան» կարգի տուչութիւն` բանակումի նախօրեակին յատուկ դասընթացքի մասնակցած խմբապետներու, որոնցմէ 23-ը կարգի փողկապին արժանանալէ ետք արժանացան նաեւ կարգի մետալին եւ վկայականին։
Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան եւ ըսաւ, թէ բանակողներուն պարտականութիւնն է բանակումին յիշատակները մասունքի նման տանիլ շրջաններ եւ տարածել ո՛չ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանակին մէջ, այլ նաեւ հոն, ուր հայ կայ: Այս միութիւնը, որ ունեցած է Վարդան Բախշեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի նման անդամներ, յաւերժ պիտի ձգտի իր նպատակներուն իրականացման:
Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակումին յաջողութեան նպաստած Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի վարչութեան, բանակումի խմբապետական ու գործադիր կազմերուն, որոնց հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքով կարելի դարձաւ իրագործել միութեան 100-ամեակին նուիրուած այս յիշատակելի բանակումը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ, որ հայրենիք բառը այլեւս երազ չէ, որովհետեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումին մասնակիցները անցնող 10 օրերուն հայրենիքի ինքնութիւնը շօշափեցին իրենց հինգ զգայարաններով:
«Հայկական լեռնաշխարհի երկրորդ բարձրագոյն լերան լանջերուն կանգնած, եկէ՛ք մեր հայեացքները ուղղենք դէպի մեր սրբազան լերան գագաթը եւ ուխտենք, որ սկաուտական եւ ազգային մեր կեանքը նպատակաուղղուած ըլլայ հայրենիքի բարելաւման», նշեց Փիրումեան եւ աւելցուց. «Սիրելի՛ սկաուտներ, թող հայրենիքի շունչը դառնայ այն բարի քամին, որ ձեր կեանքի առագաստը մշտապէս ուղղէ դէպի Հայաստան»:
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի խօսքը ուղղեց վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան: Ան ըսաւ, թէ ՀԱՍԿ-ը իր ամբողջ ներուժով փորձեց բանակումը կազմակերպել առանց խոչընդոտներու, եւ եթէ պատահեցան թերացումներ, ներողութիւն պէտք է խնդրել անոնց համար:
Այնուհետեւ, իր խօսքը բանակող սկաուտներուն ուղղելով, Յակոբեան ըսաւ. Սիրելի՛ սկաուտներ, գիտցէ՛ք, որ հայրենիքի մէջ տուն մը ունիք այլեւս: Այդ տունը Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի գրասենեակն է կամ այս բանակավայրը: Երբ Հայաստան այցելէք, անպայման այցելեցէ՛ք ձեր տունը: Ու միշտ յիշեցէ՛ք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին մէկ փոքր անդամը միշտ պատրաստ է հիւրընկալելու ձեզ հայրենիքի մէջ»:
Փակման հանդիսութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան: Ան ըսաւ, թէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումները այն եզակի առիթներն են, ուր տեղայնականութիւնը մէկդի կը դրուի, կը մոռցուի, թէ ո՞վ, ո՞ր երկրէն եկած է կամ ի՞նչ ոճով հայերէն կը խօսի: Բոլորը կը խմբուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական դրօշին ներքեւ` դառնալով համահաւասար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ: Իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով` Օրտողլեան ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իմանայ, որ 24 երկիրներու 110 մասնաճիւղերու եւ միաւորներու մէջ ունի քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնց դռները միշտ բաց պիտի ըլլան ամէն Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի դիմաց»:
Այնուհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները յուշանուէրներ յանձնեցին բանակումին խմբապետական եւ գործադիր կազմերու անդամներուն, «Արարատեան» կարգի դաստիարակ, խմբապետ Կարպիս Գապասագալեանին, «Մարզիկ»-ի խմբագիր Վիգէն Աւագեանին եւ շրջաններու պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն:
Փակման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ բանակումի մասնակիցներուն կողմէ «Ցտեսութիւն» երգի կատարումով:
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի փակման առընթեր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտը կատարուեցաւ խորհրդանշական հանդիսութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, ուր հանդիսաւորապէս վար առնուեցան տաս օր շարունակ ծածանած Եռագոյնն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշները: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ․Ա․Ս․Կ․-ի խումբ մը սկաուտներ:
Վար առնուած դրօշներէն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեանին` իր տեղը գտնելու համար թանգարանին մէջ, մինչ Եռագոյնը յանձնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին` զայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի թանգարանին մէջ մնայուն ցուցադրութեան արժանացնելու համար: