
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքին, Յուլիս 24-ի երեկոյեան, օփերայի պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, Երեւանի «Ֆլորանս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք` ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի, կառավարութեան շարք մը անդամներու, պետական, ազգային, կուսակցական հիւրերու, հրաւիրեալներու եւ միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններու ներկայացուցիչներու:
Հիւրերու շարքին էին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներու ներկայացուցիչներ Արշակ եպս. Խաչատրեան, Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան, սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Կարէն Աւետիսեան։
Բարի գալուստի խօսքով ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան հրաւիրեց Հայաստանի նախագահը այս առիթով արտասանելու իր սրտի խօսքը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը եւ նշեց, որ իր առաջին ծանօթութիւնը համահայկական այս կազմակերպութեան հետ եղած է 34 տարի առաջ, 1984-ին, երբ տակաւին խորհրդային դիւանագէտ, ան այցելած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոնտոնի մէկ բանակումը, ուր առաջին անգամ նկարուած է Եռագոյն դրօշին ներքեւ: Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. մեծ ընելիք ունի նոր Հայաստանի մէջ: Մօտակայ տարիներուն ան պէտք է կրկնապատկէ ու եռապատկէ իր անդամներուն թիւը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: «Ձեր առջեւ խնդիր կայ ձեր անդամներուն թիւը հաւասարեցնելու ձեր տարիներու թիւին: 105 տարեկանին Հ.Մ.Ը.Մ. պէտք է ունենայ 105 հազար անդամ», շեշտեց նախագահ Սարգսեան եւ իր կենացը առաջարկեց 100 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին:
Այս առիթով, իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան ըսաւ, որ բնական երեւոյթ է, որ երբ զաւակները մեծնան անջատուին իրենց ծնողներէն, դառնան ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ, փորձեն ասպարէզ եւ շրջապատ ստեղծել: «Հ.Մ.Ը.Մ.-ը Հ․Յ․ Դաշնակցութեան զաւակն է, որ ինքնուրոյն է այսօր, որովհետեւ ինքնակազմակերպուած է, իր ոտքերուն վրայ կանգնած է եւ կը գնահատէ իր ծնողները: Ուրախ ենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ստեղծած ենք ո՛չ թէ մեզի, այլ հայ ժողովուրդին համար: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ստեղծումը արդարացուած է: Եւ եթէ նոյնիսկ օրին մէկը Դաշնակցութիւն չըլլայ, Դաշնակցութեան գործը կը շարունակուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ով, Համազգայինով եւ Հ․Օ․Մ․-ով: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մեր մեծագոյն հասարակական կազմակերպութիւնն է, ինքնաղեկավարուող եւ ինքնակազմակերպուող, եւ եթէ նոյնիսկ ան 105 հազար անդամ չունի, ան մեր պատմութեան մեծագոյն հասարակական կազմակերպութիւնն է: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ունի ազգային արժէքներու իր համակարգը, որ մեր ազգային արժեհամակարգն է: Այդ արժեհամակարգով ալ ան կը տարբերի հասարակական այլ կազմակերպութիւններէ: Ասիկա հարստութիւն է: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մեր ժողովուրդի հարստութիւնն է: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը համահայկական կառոյց է: Ան հայ ժողովուրդի անբաժանելի մէկ մասնիկն է, որուն ներկայութիւնը պատիւ է մեր պետականութեան համար: Հ.Մ.Ը.Մ.-ին մաս կազմող իւրաքանչիւր հայ ինքզինք կը զգայ ոչ թէ իբրեւ իր համայնքին մէկ անդամը, այլ` հայ ժողովուրդի համահայկական իրականութեան մէկ մասնիկը: Այս պատճառով ալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը արժէք է»:
Կալա-ընթրիքը ունեցաւ իր գեղարուեստական հարուստ բաժինը, որուն ընթացքին պարբերաբար կատարուեցան յայտարարութիւններ եւ պարգեւատրումներ: Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան միութեան 100-ամեակի թիւ 1 ժամացոյցով պատուեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Ան յայտարարեց, որ թիւ 2, 3, 4, 5 ժամացոյցները արդէն իսկ փոխանցուած են Հայաստանի վարչապետին, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներուն եւ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին: Թիւ 6 ժամացոյցը տեղւոյն վրայ փոխանցուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի: Ժամացոյցները տրամադրուած են տէր եւ տիկին Սարգիս Տէր Պետրոսեանի կողմէ (Սիտնի) եւ հրապարակուած են 300 օրինակ միայն:
Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով, Գառնիկ Մկրտիչեան Եռագոյն երիզներով եւ 100-ամեակի ժամացոյցներով պատուեց միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու 10 «կնքահայրերը»` տէր եւ տիկին Հրաչ Սիսեռեան (Փարիզ), տէր եւ տիկին Ժիրայր Սարգիսեան (Միացեալ Նահանգներ), տէր եւ տիկին Ատոմ Թնճուկեան (Լոնտոն), տէր եւ տիկին Հրայր Սողոմոնեան (Տուպայ), տէր եւ տիկին Աւօ Տէր Պետրոսեան (Սիտնի), Վարդանեան (Երեւան) ընտանիքի բարեսիրական հիմնադրամի ներկայացուցիչներ, տէր եւ տիկին Տիրան Վահրատեան (Սիտնի), Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քանատայի շրջանի ներկայացուցիչներ, տէր եւ տիկին Հրաչ Մարութեան (Մոնրէալ) եւ տէր եւ տիկին Աշոտ Տուրեան (Սինկափուր): Մկրտիչեան նաեւ յայտարարեց, որ «կնքահայրերը» 100-ամեակի տօնակատարութիւններու իրականացման համար նուիրած են 450 հազար տոլար: Նիւթական իրենց աջակցութեամբ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն նպաստած են նաեւ այլ ազգայիններ, որոնք իրենց կարգին արժանացան 100-ամեակի յատուկ ժամացոյցներուն. Կիպրոսի պետական երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան, տէր եւ տիկին Վարդան Գազանճեան (Գահիրէ), Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջան, տէր եւ տիկին Ժան Աբգարեան (Պուէնոս Այրէս), տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրաճեան (Փարիզ) եւ «Կարաս» հաստատութիւն:
Կալա-ընթրիքի աւարտին, Հայաստանի նախագահը, 100-ամեակի «կնքահայրերը» եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնական վարչութիւնը հատեցին յոբելենական կարկանդակը, որմէ ետք երեկոն մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր շարունակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խանդավառութեամբ եւ ազգային ոգեւորութեամբ: