
Մակի Ն.
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Փրովիտենս մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը մեծ շուքով տօնակատարուեցաւ ճաշկերոյթ–պարահանդէսով, Շաբաթ, Յունիս 4, 2016-ի երեկոյեան, Սուանզիի Վինըս Տը Մայլօ Ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ`Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Լեւոն Աթթարեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան անդամ՝ Վիգէն Խաչատուրեանի, Հ.Օ.Մ. ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Թալին Մկրտիչեանի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ` Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Պաղսարեանի եւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Նազարեանի, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ և քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու։
Մօտ երկու հարիւր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու եւ համակիրներու ներկայութեան, երեկոն բացուեցաւ սկաուտներու եւ դրօշակներու տողանցքով, որմէ ետք յաջորդաբար երգուեցան ամերիկեան, հայկական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգները կատարողութեամբ` Ռաֆֆի Ռշտունիի եւ Մենար Դարբինեանի: Տէր Հօր բացման աղօթքէն ետք, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը բոլոր հանգուցեալ հիմնադիրներուն:
Օրուայ հանդիսավարներն էին Սիրան Գրիգորեան եւ Ռաֆֆի Ռշտունի, նոր սերունդի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչները, որոնք իրենց կարգին, այսօր, որպէս պատասխանատուներ, կը պատրաստեն յաջորդ սերունդի սկաուտները: Անոնք ներկայացուցին պատուոյ հիւրերը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ.-ի, Հ.Օ.Մ.-ի, Համազգայինի, Հ.Ե.Դ.-եան, եկեղեցւոյ յարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Փրովիտենսի վարչութեան ներկայացուցիչներն ու 35-ամեակի յանձնախումբի անդամները, որոնք Հրանդ Խաչատուրեանի ատենապետութեամբ` յաջողութեամբ պսակեցին այս յիշատակելի յոբելեանը ճոխ պարահանդէսով եւ սքանչելի յուշամատեան գրքոյկի հրատարակութեամբ:
Սոյն առթիւ, ճաշի սպասարկութենէն առաջ, ցուցադրուեցաւ Քալիֆորնիաբնակ՝ Փրովիտենսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի նախկին անդամ եւ սկաուտ՝ Եղբ. Յարութ Առաքելեանի կողմէ պատրաստուած սահիկներու հաւաքածոն, որ կենդանի պատկերն էր Փրովիտենսի մասնաճիւղի իրագործած յաջողութեան, անցեալ 35 տարիներու ընթացքին:
Վարչութեան ատենապետ` Սարգիս Դարբինեան փոխանցեց մասնաճիւղիս շնորհաւորական խօսքը, յայտնելով երախտագիտական զգացումները բոլոր հիմնադիրներուն, անցեալի եւ ներկայ նուիրեալ անդամներուն, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատիւը միշտ բարձր կը պահեն: Տեղւոյս վարչութեան կողմէ, ան յատուկ յուշատախտակներով պատուեց բոլոր այն վարչականները որոնք տեղւոյս վարչութեան կազմին վրայ վարած են զանազան պաշտօններ երկարատեւ տարիներու ընթացքին։ Հետեւեալ ազգայինները ստացան յուշատախտակ որպէս վարչական՝ իրենց ծառայութեան առ ի գնահատանք- Համազասպ Ռշտունի (8 տարի), Անահիտ Աթթարեան (9 տարի – մասնաճիւղին առաջին եւ միակ ատենապետուհին), Սարգիս Դարբինեան (13 տարի), Յարութ Թարագսեան (15 տարի), Քրիստափոր Գրիգորեան (18 տարի)։ Իսկ մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներ՝ Ռոստոմ Ճավահիրճեան (մէկ տարի վարչական), Սարգիս Եփրեմեան (9 տարի վարչական), Սարգիս Մինասեան (10 տարի վարչական) եւ Յակոբ Խաչատուրեան (11 տարի վարչական) ստացան յատուկ գնահատական յուշատախտակներ:
Ապա խօսք առաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ` Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Պաղսարեան, որ իր պատգամով գովքը հիւսեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրներուն, անդամներուն եւ համակիրներուն, որոնց 35 տարիներու տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ, այսօր Փրովիտենսի գաղութը կը վայելէ սկաուտներու գործակցութիւնը գաղութի բոլոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյս խորանին վրայ:
Ապա խօսք տրուեցաւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամ` Վիգէն Խաչատուրեանին որ շնորհաւորեց Փրովիտենսի մասնաճիւղը, որու անդամներու անսակարկ նուիրումին շնորհիւ 35 տարիներ առաջ հիմնադիրներու կողմէ ցանուած հունտերը արդիւնաբեր դարձան: Շրջանային վարչութեան կողմէ ան «Ծառայութեան Շքանշան»ով պատուեց մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն՝ Ռոստոմ Ճավահիրճեանը, Սարգիս Եփրեմեանը, Սարգիս Մինասեանը եւ Յակոբ Խաչատուրեանը։
Յայտագրի աւարտին, Ուաշինկթընէն ժամանած երգիչ Զարեհ Գասպարեան եւ իր նուագախումբը մինչեւ ուշ ատեն չափազանց խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին ու երեկոն վերջ գտաւ յեղափոխական երգերու փունջով մը, ոգեւորելով ներկաները նոյն կորովով շարունակելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յաղթական ու պանծալի երթը: