Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Երեքշաբթի, 30 Ապրիլին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Բագրատ Եսայեանէ եւ Հ.Մ.Ը.Մ. – Հ․Ա․Ս․Կ․-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, այցելեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին։ Այցելութեան ներկայ գտնուեցան Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով, նախագահ Բակօ Սահակեան նկատել տուաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հետ համագործակցութիւնը պահանջուած է։ Ան բարձր գնահատեց միութեան գործունէութիւնը հայրենիքի եւ Սփիւռքի նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ մարմնարկրթութեան մէջ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւնը, իր կարգին, Արցախի նախագահին փոխանցեց միութեան մեծ ընտանիքին ողջոյնները եւ հաստատեց, որ Արցախը միշտ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու դաստիարակութեան, մտածումներուն եւ հոգիներուն մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ իրենց կեանքը զոհաբերած են Արցախի համար, որովհետեւ միշտ պատրաստ եղած են հայրենի հողի ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար։
Այս առիթով, պատուիրակութիւնը նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ քննեց նաեւ Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւն ծաւալելու ծրագիրները, որոնց գծով նախագահ Բակօ Սահակեան փոխանցեց իր պատրաստակամութիւնը։


