
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական Սկաուտական Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Միջ Ցամաքամասային խմբապետներու վերաորակաւորման եւ Վկայեալ կարգի միացեալ դասընթացքի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 29 Օգոստոս, 2013ին, Թորոնթօ, Գանատա, Սէնթ Քաթրինզի սկաուտական բանակատեղիին մէջ:
Դրօշակի արարողութենէն առաջ Կեդրոնական Վարչութեան Սկաուտական ներկայացուցիչ եղբ. Կարպիս Գապասագալեան, որ ներկայ էր դասընթացքի լրիւ տեւողութեան, խօսք առնելով առաջին հերթին անդրադարձաւ փոխադարձ այն ակնկալութիւններուն, որ ընդհանրապէս նախատրամադրութեամբ մը կը մէկտեղուին կազմակերպողներն ու դասընթացքի մասնակցողները: Եղբայրը կարեւորութեամբ ընդգծեց շրջաններու պատասխանատու մարմիններու ակնկալութիւնը այս դասընթացքէն, որ առնչուած է դասընթացքի մասնակցող խմբապետներու արդիւնաւէտութեամբ: Հետեւաբար խմբապետներուն թելադրեց գործել յանձնառու գիտակցութեամբ իրենց վստահուած պատասխանատուութեանց մարզերուն մէջ, յիշեցնելով որ դասընթացքը պիտի արժեւորուի այն ատեն, երբ իրենց ստացած գիտելիքները լաւագոյն ձեւով փոխանցեն ու կիրարկեն իրենց սկաուտական գործունէութեանց ընթացքին:
Եղբ. Գապասագալեան անդրադառնալով մասնակցողներու ներգործօն դերակատարութեան բարձրօրէն գնահատեց անոնց լրջութիւնն ու ամբողջական գործակցութիւնը` գիտելիքներու նիւթերու պատրաստութեամբ ու ներկայացումով:
Եղբ. Գապասագալեանը իր վիզի սկաուտական փողկապը քակելով, զետեղեց սեղանին վրայ եւ խմբապետներուն առաջարկեց իրենց ստորագրութեամբ մտովի վերանորոգել իրենց սկաուտական խոստումը եւ որպէս խմբապետներ խոստանալ`
Գործել Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան նպատակին թելադրութեամբ,
Գործել ինքնավստահ ու անվհատ,
Գործել Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրոշմին` “Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր“ին վայել:
Եղբայրը իր խօսքի աւարտին ջերմօրէն գնահատեց Կեդրոնական Սկաուտական Յանձնախումբի անդամները, որոնք ապահովեր էին դասընթացքի յաջողութիւնը շնորհիւ իրենց անվերապահ գործակցութեամբ ու անձնուիրութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնակցող շրջաններու վարչութիւններն ու պատասխանատու կազմերը, որոնք ոչինչ խնայեր էին դասընթացքի մասնակցութեան համար: Եղբայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ի մասնաւորի Թորոնթոյի եւ Քէմպրիճի մասնաճիւղերուն, որոնք իրենց բացառիկ հիւրընկալութեամբ սատար հանդիսացան դասընթացքի յաջողութեան:
Փակման արարողութիւնը վերջ գտաւ յուշանուէրներու փոխանակումով. դրօշակները վար բերուեցան դանդաղ ընթացքով. բոլորին աչքերը մնացին անշարժ անոնց վրայ փորձելով կասեցնել բաժանման պահը, ապա յուզումնախառն ձեռք-ձեռքի շղթայուած միաբերան երգեցին “Ցտեսութեան“ երգը եւ հրաժեշտ առին իրարմէ: