Հ.Մ.Ը.Մ.- Ի ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ 21-ՐԴ ԽԱՂԵՐ

0 0
Read Time:8 Minute, 29 Second

 

 

 

 

 

Ձախէն աջ` Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Պե­տիկ Տէր Վար­դան­եա­ն եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Պոս­թը­նի ատե­նա­պետ Յա­կոբ Պե­ճաք­եա­ն: Ճամբորդութեան պատճառով կը բացակայի Աւետիս Պարմաքեան

 

 

 

 

Ստո­րեւ, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք հար­ցազ­րոյց մը, որ խմբագ­րու­թիւնս կա­տա­րեց, Պոս­թը­նի մէջ, տե­ղի ու­նե­նա­լիք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի 21-րդ միջմաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղե­րուն առ­թիւ, տեղ­ւոյն յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն` Հ.Մ.Ը.Մ. Պոս­թը­նի ատե­նա­պետ Յա­կոբ Պե­ճաք­եա­նի, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Պե­տիկ Տէր Վար­դան­եա­նի եւ Աւե­տիս Պար­մաք­եա­նի հետ.-

 

Հ.- Այս տա­րի 21-րդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը կազ­մա­կերպ­ուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի այս խա­ղե­րը: Կա­րե­լի՞ է կարճ պատ­մա­կան մը ներ­կա­յաց­նել:

Պ.-Կարճ պատ­մա­կան մը փո­խան­ցե­լով, յայտ­նենք թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ստեղծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը քա­նի մը առիթ­նե­րով, փոր­ձ­ած է Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի տար­բեր նա­հանգ­նե­րու մէջ 1920-էն սկսեալ, մին­չեւ 1971 երբ հիմն­ուե­ցաւ շրջա­նի առա­ջին մաս­նա­ճիւ­ղը` Ուա­շինկ­թը­նի մէջ: Կազ­մա­կեր­պա­կան նոր աշ­խու­ժա­ցում կա­տար­ուե­ցաւ եւ 1973-ին Պոս­թը­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կազմ­ուե­ցաւ: Ապա յա­ջոր­դա­բար այլ մաս­նա­ճիւ­ղեր հիմն­ուե­ցան` 1975-ին Նիւ Եոր­քի, Նիւ Ճըրզիի, Շի­քա­կո­յի, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ մէջ, ապա տա­րի մը ետք` Տիթ­րոյ­թի մէջ: 1981-ին` Փրո­վի­տեն­սի եւ Ֆլո­րի­տա­յի մէջ հիմն­ուե­ցան մաս­նա­ճիւ­ղեր եւ վեր­ջա­պէս Ալ­պընիի ամե­նէն երի­տա­սարդ մաս­նա­ճի­ւղը` 1986-ին:

Առա­ջին տա­րի­նե­րուն, Գա­նա­տա­յի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջա­նի հետ, կազ­մա­կերպ­ուե­ցան Նա­ւա­սարդ­եան մար­զա­կան խա­ղե­րը, իսկ 1977-ին Գա­նա­տա­յի եւ Ա.Մ.Ն. Դ. Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վին  որոշ­ուե­ցաւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նը ու­նե­նայ իր առան­ձին վար­չու­թիւնը տաս մաս­նա­ճիւ­ղե­րով, եւ այս­պէս մի­աս­նա­բար կազ­մա­կերպ­ուե­ցան նա­ւա­սարդ­եան մար­զա­կան խա­ղե­րը մին­չեւ 1990 թուա­կա­նը,

1991-էն սկսեալ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նը իր տաս մաս­նա­ճիւ­ղե­րով, հա­զա­րէ աւե­լի ան­դամ­նե­րով, եւ մօտ վեց հա­րիւր մար­զիկ եւ սկաուտ­նե­րով կը կազ­մա­կեր­պէ, տա­րե­կան դրու­թեամբ, Նա­ւա­սարդ­եան մար­զա­կան խա­ղե­րը` Ա.Մ.Ն.-ի ան­կա­խու­թեան օրը զու­գա­դի­պող Յու­լիս 4-ի շա­բա­թա­վեր­ջը, որուն հիւ­րա­բար ներ­կայ կ՛ըլ­լան Գա­նա­տա­յի մաս­նա­ճիւ­ղե­րը: Այս տա­րի կար­գը հա­սած է Պոս­թը­նին: Նշենք թէ, այս մէ­կը շրջա­նա­յին մի­ակ տա­րե­կան ձեռ­նարկն է որ բա­րո­յա­կան միու­թե­նա­կան նուա­ճում­նե­րուն կող­քին, նիւ­թա­կան մուտք կ՛ա­պա­հո­վէ, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պա­կան մար­զա­կան-սկաու­տա­կան շրջա­նա­յին մա­կար­դա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը:

 

 

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ. Միջ-Մասնաճիւղային խաղերու օրուան նախագահներ` Տէր եւ Տիկ. Ժան Ժագ եւ Նի­գոլ Հաժ­ժար

 

 

 

Հ.- Ինչ­պէ՞ս կա­տար­ուած են պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը: Կա­րե­լի՞ է յա­ւել­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցել: Դժուա­րու­թիւն­ներ, խո­չըն­դոտ­ներ գո­յու­թիւն ու­նի՞ն: Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է լու­ծել:

Պ.- Դժուա­րու­թիւն­նե՛ր … ան­շուշտ ու­նինք, այս տա­րո­ղու­թեամբ գոր­ծու­նէ­ու­թիւն` քա­նի մը ան­դամ­նե­րու ան­սա­կարկ աշ­խա­տան­քով կա­րե­լի չէ յա­ջո­ղու­թեամբ կա­տա­րել: Հա­կա­ռակ անձ­նա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, այս տա­րի եւս բախ­տա­ւո­րու­թիւն է մեր միու­թեան հա­մար, բո­լոր Պոս­թը­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­նե­րը եւ ծնող­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը, խան­դա­վա­ռու­թեամբ ան­սա­կարկ գոր­ծի լծուած են: Այս առի­թով, տե­ղին է շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել Հայ Մշա­կու­թա­յին եւ Կրթա­կան Կեդ­րո­նի անձ­նա­կազ­մին: Զա­նա­զան յանձ­նա­խում­բեր, տար­բեր սեն­եակ­նե­րու մէջ ժո­ղով­ներ կը կա­տա­րեն: Անոնք կ՛աշ­խա­տին ամէն գնով, յա­ջողց­նե­լու այս ձեռ­նար­կը:

Հ.- Վստա­հա­բար Հ.Մ.Ը.Մ.-ավա­յել մար­զա­կան բարձր ոգին կը գե­րա­զան­ցէ մրցումն ու ար­դիւն­քը: Այս գծով, յա­տուկ փո­խան­ցե­լիք ու­նի՞ք:

Պ.-Դաշ­տին վրայ, բո­լորս ալ մար­զիկ եղած ենք եւ մրցած ենք յաղ­թե­լու հա­մար: Բնա­կան է…եր­բեմն խա­ղի ըն­թաց­քին հար­ցեր պա­տա­հած են, վերջ ի վեր­ջոյ հինգ հա­րիւ­րէ աւե­լի մար­զիկ­ներ եկած են տար­բեր նա­հանգ­նե­րէ, հա­րիւ­րէ աւե­լի խմբա­յին մար­զա­կան խա­ղե­րու մաս­նակ­ցե­լու չորս օր­ուայ ըն­թաց­քին: Ան­լու­ծե­լի հար­ցեր չենք ու­նե­ցած, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական միու­թե­նա­կան եւ Ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւնը միշտ տի­րա­պե­տած է:

Հ.- Ո՞վ պի­տի ըլ­լայ այս տար­ուայ նա­խա­գա­հը: Եթէ կա­րե­լի է հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կան մը ներ­կա­յաց­նել:

Պ.- Այս տար­ուայ Միջ-Մաս­նա­ճիւ­ղա­յին մար­զա­կան խա­ղե­րուն պի­տի Նա­խա­գա­հեն, գա­ղու­թէն ներս յար­գանք վա­յե­լող, Ազ­գա­յին Սուրբ Ստե­փա­նոս Վար­ժա­րա­նի Հո­գա­բար­ձու Տէր եւ Տիկ. Ժան Ժագ եւ Նի­գոլ Հաժ­ժար: Յա­տուկ պատ­ուի­րա­կու­թիւն (կազմ­ուած Հ.Մ.Ը.Մ. Պոս­թը­նի ատե­նա­պետ Յա­կոբ Պե­ճաք­եա­նէ, Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Պե­տիկ Տէր Վար­դան­եա­նէ եւ Աւե­տիս Պար­մաք­եա­նէ) մը այ­ցե­լեց Հաժ­ժար­նե­րու բնա­կա­րա­նը, այդ առա­ջար­կը փո­խան­ցե­լու հա­մար: Դրա­կան պա­տաս­խանն ու հա­ւա­նու­թիւնը առն­ուե­ցաւ հինգ վայրկ­եա­նէն: Անոնք հպարտ զգա­ցին, իրենց հօր, աներ­հօր եւ մեծ հօր յի­շա­տա­կին, “Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ“ի անուան տակ, նմա­նօ­րի­նակ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նե­լու: Նշենք թէ Նի­գո­լի հայ­րը, Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նէն ներս տա­րի­ներ շա­րու­նակ ծա­ռա­յած Խա­չիկ Պա­պիկ­եանն է:

Հ.- Հա­մե­մա­տած նա­խանց­եալ տա­րի­նե­րու, ի՞նչ յի­շա­տա­կե­լի փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տար­ուած են: Հե­տաքրք­րու­թեան եւ վա­յե­լած ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան իմաս­տով, ի՞նչ է պատ­կե­րը: Յա­ռաջ­դի­մու­թիւնը հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւո՞վ կը կա­տար­ուի:

Պ.- Աշ­խարհն ու կեան­քը արա­գօ­րէն եղա­փո­խու­թեան մէջ են: Գո­յու­թիւն ու­նին հա­մա­կար­գի­չի եւ հա­մա­ցան­ցա­յին ան­ծայ­րա­ծիր նո­րու­թիւն­ներ: Ընդ­հա­րա­պէս, երի­տա­սար­դու­թիւնն է որ, այս մար­զէն ներս մաս­նա­գի­տա­ցած, գոր­ծի լծուած է, յատ­կա­պէս մրցա­շար­քին ըն­թաց­քին, ուր պի­տի օգ­տա­գործ­ուին դի­մա­տետր եւ այլ ար­դի մի­ջոց­ներ: Այս օրե­րու Հ.Մ.Ը.Մ.-ական երի­տա­սարդ­նե­րը զին­ուած նոր գի­տե­լիք­նե­րով կը ստանձ­նեն պա­տաս­խա­նատ­ուու­թիւն­ներ, դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար յա­ռա­ջի­կայ տաս­նամ­եակ­նե­րու դժուա­րու­թիւն­նե­րը: Այս մէ­կը ան­գամ մը եւս պի­տի ար­ծարծ­ուի, յա­ռա­ջի­կայ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սեպ­տեմ­բեր 5-10-ին Երե­ւա­նի մէջ:

Հ.- Իբ­րեւ աւար­տի խօսք, յա­տուկ փո­խան­ցե­լիք ու­նի՞ք:

Պ.- 1918-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծնուն­դէն մին­չեւ այս օրը… հայ­րե­նի­քէ դուրս` սփիւռ­քի զա­նա­զան  եր­կիր­նե­րէ ներս, Հ.Մ.Ը.Մ. ապա­հո­ված է հայ մար­զի­կին դաշտն ու հայ սկաու­տին բա­նա­կա­վայ­րը: Կա­ռու­ցած է ակումբ­ներ եւ դար­ձած հայ ըն­տա­նի­քին յե­նա­րա­նը, եղած է դրօ­շա­կա­կի­րը եւ պատ­րաս­տած է ազ­գայ­նա­սէր ղե­կա­վար­ներ: Մեր փա­փաքն է որ այս­պէս բարձ­րա­նանք եւ բարձ­րաց­նենք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles