Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները Երեւանի Մէջ

0 0
Read Time:3 Minute, 46 Second

HMEM3

 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը իր Ա. լիագումարի օրերուն, 7 դեկտեմբեր 2015-ին Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարներուն հետ:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ու միութեան բոլոր անդամներուն կատարած հայրենանուէր աշխատանքը, նաեւ` երիտասարդութիւնը հայ պահելու եւ դաստիարակելու համար ի գործ դրուած ջանքերը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին իր մնայուն աջակցութեան համար եւ ներկայացուց նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմը: Ան վստահեցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մշտապէս հաւատարիմ է միութեան գլխաւոր նպատակին` հայ երիտասարդներուն առողջ դաստիարակութիւն ջամբել ու անոնց մէջ ամրապնդել հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ հայրենասիրութեան ու պատասխանատուութեան զգացումը, ինչպէս նաեւ անոնց ծառայելու գիտակցութիւնը:hmem1

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան յառաջիկայ քառամեայ ծրագիրները, որոնք պիտի իրականացուին հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին միջեւ գործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման առնչուած այլ հարցերու: Շեշտը դրուեցաւ մասնաւորապէս նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան քառամեակին զուգադիպող (2018-ին) միութեան 100-ամեակը արժանաւորապէս նշելու ծրագիրներուն եւ այդ ուղղութեամբ համագործակցութեան կարելիութիւններուն վրայ:
Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի հետ հանդիպումի ընթացքին, ծանօթացման բաժինէն ետք, ներկայացուեցան յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրներն ու փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները, մանաւանդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերուն եւ բանակումի ընթացքին:hmem2
Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ին` մարզական ծրագիրներու միջոցով երիտասարդութեան համար տարուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան եւ կարեւորութեան համար: «Մեր նախարարութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին հետ ո՛չ միայն մարմնակրթութեան, այլ նաեւ երիտասարդներու համար իրականացուող ծրագիրներու ընդմէջէն, եւ այդ համագործակցութեան տուած դրական արդիւնքները տարուէ տարի աւելի տեսանելի են բոլորին», նշեց նախարարը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ղազարեանին` ջերմ ընդունելութեան համար եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց 26 երկիրներու մէջ գործող 104 մասնաճիւղերու գործունէութեան մասին: «Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան համագործակցութիւնը կարելի է հայապահպանութեան օրինակելի ձեւաչափ նկատել», նշեց Մկրտիչեան:
Հանդիպման աւարտին քննարկուեցան Կեդրոնական վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի համագործակցութեան կարելիութիւնները Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան հետ:

HMEM4Նաեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը Դեկտեմբեր 8-ին Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին եւ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանին հետ։
Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմը, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ կը գումարէ իր Ա. լիագումար նիստերը։ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց կազմի անդամները, փոխանցեց քառամեայ գործունէութեան ծրագիրները ու շեշտը դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-եկեղեցի անքակտելի կապին վրայ։
Իր կարգին, վեհափառ հայրը փոխանցեց իր գնահատանքը հոգեւոր եւ հայապահպանման առումներով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ի գործ դրած աշխատանքներուն՝ նշելով, որ թեմական առաջնորդներուն ճամբով կը հետեւի գործունէութեան ու թելադրուած է միշտ օժանդակել միութեան տարբեր ծրագիրներուն։ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հաստատեց, որ մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն ճամբով սփիւռքահայ պատանին ու երիտասարդը հայ պահելու առաքելութիւնը նուիրական է. այս առիթով ան իր քաջալերանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան։
Գառնիկ Մկրտիչեան վեհափառ հօր տեղեկութիւն տուաւ 2018ին Հայաստանի մէջ կայանալիք միութեան 100ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութեան մասին։ Իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ եղբ. Հրաչեայ Շմաւոնեան փոխանցեց 2016-ին Հայաստանի մէջ ծրագրուող Միջազգային Սկաուտական սեմինարին մանրամասնութիւնները՝ յայտնելով, որ այս նախաձեռնութեան առաջադրանքներէն է Հայաստանը ծանօթացնել օտար երկիրներու մասնակիցներուն։
Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ, պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մէջ։ HMEM5
Սէյրան Օհանեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին դերակատարութեան՝ հայապահպանութեան, յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարդներու հայրենասիրական դաստիարակութիւն փոխանցման առումով եւ ընդգծեց, որ միութեան ծաւալած գործունէութիւնը իրաւամբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն է:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան եւ միութեան գործունէութեան աջակցելու պատրաստակամութեան համար` նշելով, որ հայրենիքին հետ կապը առաւել եւս ամրապնդելու եւ հայրենիքին շուրջ համախմբուելու ծրագիրները միշտ առկայ են։ Ան նշեց, որ 2014ին ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի մասնակիցներուն կողմէ պաշտպանութեան նախարարին ներկայութեամբ «Վազգէն Սարգսեան» սպայից զօրանոցի մէջ կատարուած տողանցքը անջնջելի կերպով դրոշմուած է բոլորին միտքերուն ու սիրտերուն մէջ։ Ապա պաշտպանութեան նախարարին ու Կեդրոնական վարչութեան միջեւ քննարկուեցաւ յառաջիկայ գործակցութեան գործնականացման քայլերու կարելիութիւնները՝ հաստատելով նախարարութեան ու հայկական բանակին խիստ կարեւոր դերակատարութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր։
Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ՝ ներկայացնելու նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնն ու անոր քառամեայ ծրագիրները, որոնց գործնականացման հիմնական մասը կեդրոնացած պիտի ըլլայ հայրենիքի մէջ։
Գագիկ Ծառուկեան իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան՝ գնահատելով հայրենիքի հանդէպ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին կապուածութիւնը։ Ան նշեց, որ մարզախաղերու եւ բանակումներու ճամբով հայ պատանին ու երիտասարդը հայրենիքին ծանօթացնելու առաքելութիւնը հայապահպանման կարեւորագոյն դաստիարակութիւններէն մին է՝ իր պատրաստակամութիւնը փոխանցելով օժանդակելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծրագիրներուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles