
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 28-րդ Նաւասարդեան խաղերը տեղի ունեցան Մերիլենտի մէջ Շաբաթ, Յուլիս 30-էն սկսեալ մինչեւ Չորեքշաբթի, Յուլիս 4-ին, նախաձեռնութեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, հովանաւորութեամբ` Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, ներկայութեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանի կապ` եղբ. Հրաչ Մեսրոպեանի եւ հիւրընկալութեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ուաշինկթընի մասնաճիւղին: Բացման հանդիսութեան, նաեւ ներկայ էին Արցախի ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան (որ երեկոյեան, դեսպան՝ Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ ներկայ եղաւ նաեւ ընթրիքին), Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Վահէ Թանաշեան, Հ․Օ․Մ․-ի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ՝ Սեւան Գոլէճեան։ Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Սամիկ եւ Վարդենի Ժարեան։
Մասնակցողները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին յիշատակը, տարիներ շարունակ Հ․Մ․Ը․Մ․-ին ծառայած, Տիթրոյթի մասնաճիւղի սիւներէն՝ եղբայր Սոնի Կավուրի։
Չորս օրերու վրայ երկարող խաղերու ընթացքին` դաշտերու վրայ, պանդոկի միջանցքներուն եւ ամէնուրէք Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկը հանդիպեցաւ իր հարազատներուն, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի զանազան մասնաճիւղերէն։
Բոլոր մարզիկները, սկաուտները եւ համակիրները, խումբ առ խումբ ժամանեցին Ուաշինկթըն, ուր տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու պատասխանատուներու կարճ ժողով մը, բացատրելու շաբաթավերջի մարզախաղերու դասաւորումը, օրէնքները եւ խստապահանջ կարգապահական պայմանները:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տարեկան այս մարզական խաղերը, առիթ մըն են սատարելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վսեմ նպատակին, երբ շրջանի մասնաճիւղերէն, ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ համակիրներ, գօտեպնդուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շունչով եւ ոգիով, կը հաւաքուին Նաւասարդեան խաղերու դրօշին տակ` մրցելու` հայկական ազնիւ ոգիով, ստեղծելու` խանդավառ մթնոլորտ մը, ծառայելու` «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր»-ին, եւ միշտ ի միտի ունենալով` թէ այս խաղերէն յաղթական դուրս պիտի գայ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ը:
Ծնողներ ու բարեկամներ ոգեւորիչ խանդավառութեամբ ժամանեցին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու թէ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է մեր հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ: Փակման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխում։
Երեքշաբթի, Յուլիս 3-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը: Պաշտօնական բաժինը բացուեցաւ պատւոյ հիւրերու մուտքով: Օրուան երգիչն էր Արմէնչիքը։
Ամենաբարելաւուած մասնաճիւղի բաժակը ստացաւ՝ Շիքակօ մասնաճիւղը, իսկ տիպար մասնաճիւղի բաժաը ստացաւ Պոսթընի մասնաճիւղը:
Խումբերու Ընդհանուր Դասաւորում.-
Մասնաճիւղ Կէտ
1.- Ուաշինկթըն եւ Նիւ Եորք 43 կէտ
3.- Շիքակօ 38
4.- Պոսթըն եւ Տիթրոյթ 18
6.- Մերիմէք Վալի 10
7.- Նիւ Ճըրզի 5
8.- Թօրոնթօ 4
Չորս մասնաճիւղեր՝ Փրովիտենս, Ֆիլատելֆիա, Ֆլորիտա եւ Ալպընի չկրցան որեւէ կէտ ապահովել։