
Կիւմրին փառքով ու պատիւով ընդունեց շուրջ դար մը առաջ, Ա. Հանրապետութեան օրերուն, բազմահազար որբերու խնամատար, դաստիարակ եւ սկաուտ խմբապետ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Վահան Չերազի արձանը, որ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, իր շքեղ կերտուածքով կանգնեցաւ քաղաքին գլխաւոր հրապարակը՝ «Վարդանանց»ը «Վահան Չերազ» պողոտային միացնող խաչմերուկին վրայ։
Վահան Չերազ, 1920-ին, Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով Պոլիսէն հրաւիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի եռանդամ պատուիրակութեան այն անդամն էր, որ Կիւմրի մնաց նոյնիսկ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք եւ քանի մը տարի ետք, Դեկտեմբեր 1927-ին, Թիֆլիսի մէջ զոհ գնաց համայնավար չեկիստներու անարգ սպանութեան։
Վահան Չերազի Կիւմրի վերադարձը եղաւ յուզիչ եւ տպաւորիչ արարողութեամբ մը, ներկայութեամբ դստեր՝ Բիւրակն Չերազ-Իշխանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թորան՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանի, Շիրակի փոխ մարզպետ Սոֆի Յովսէփեանի, Կիւմրիի հայ կաթողիկէ Ս. Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեանի, ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէի անդամ Հմայեակ Խոցանեանի, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Բիւրոյի եւրոասիական տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Շրինաթ Թրումէլի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, միութեան 100-ամեակի «կնքահայր»ներու եւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակից Հ.Մ.Ը.Մ.ական հոծ բազմութեան մը։
Արձանին բացման նախորդեց կէսօրուան ժամը 12-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումին մասնակից 1200 սկաուտներու տողանցքը՝ «Վարդանանց» հրապարակին վրայ, առաջնորդութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի շեփորախումբին։
Տողանցքին աւարտէն ետք, ներկաներն ու տողանցող 26 երկիրներու սկաուտական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները հաւաքուեցան հրապարակին անկիւնը «Վահան Չերազ» պողոտային միացնող խաչմերուկին պուրակը, ուր տեղի ունեցաւ արձանին բացման հանդիսութիւնը։
Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներուն կատարումէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի արենոյշներէն Անուշիկ Փանոսեան։ Ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը եւ հրաւիրեց Կիւմրիի քաղաքապետը, Բիւրակն Չերազը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը քողազերծելու Վահան Չերազի արձանը պատող կտորը։
Յաջորդեց խօսքերու բաժինը։ Առաջին խօսքը արտասանեց Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան։ Ան ըսաւ, որ հետաքրքրական եւ պատմական օր է այսօր, որովհետեւ Կիւմրիի պատմութեան մէկ հանգրուանը այս արձանին միջոցով կը փոխանցուի նոր սերունդին։
Բալասանեան նկատել տուաւ, որ Վահան Չերազ արժանաւոր մարդ էր, հայու զաւակ էր։ Ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ ան չլքեց քաղաքը եւ զբաղեցաւ որբերու, պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան գործով։ Ան կատարեց լուրջ աշխատանք, որ արժանի է յիշատակութեան եւ նորահաս սերունդներու փոխանցման։
Այս առիթով բաւական յուզական ելոյթ մը ունեցաւ նահատակ Չերազի դուստրը՝ Բիւրակն Չերազ-Իշխանեանը։ Ան գոհունակութեամբ յիշեց, որ Կիւմրին եղած է իր ծննդավայրը, ուր ան մեծցած է որբութեան պայմաններու մէջ, որովհետեւ հօրը գնդակահարութենէն կարճ ժամանակ մը ետք՝ չեկիստները սպաննած են նաեւ մայրը։ Ան ըսաւ, որ չէր կրնար երազել, որ օրին մէկը իր հօրը արձանը կրնար կանգնեցուիլ իրեն հոգեհարազատ Կիւմրիի մէջ։
Չերազի դուստրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար եւ ըսաւ, որ ինք իր հայրը չէ ճանչցած, սակայն իր հօրը որբերէն եւ որբուհիներէն, ինչպէս նաեւ իր մօրեղբօր՝ Վազգէն Անդրէասեանի մէկ հրատարակութենէն («Վահան Չերազ եւ իր երգը Հայաստանի») իմացած է Չերազի մասին, որ երախտաշատ գործ կատարած է 1920-էն մինչեւ նահատակութիւնը՝ կազմակերպելով սկաուտական եւ մարզական խումբեր։ Շրջան մը ան աքսորուած է Սիպերիա (1924-ին), սակայն քանի մը ամիս ետք ազատ արձակուելով վերադարձած է Հայաստան եւ մինչեւ վերջին շունչը զբաղած է որբախնամի աշխատանքով։
Արձանին բացման համար իր գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Բիւրոյի եւրոասիական տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Շրինաթ Թրումէլ։ Ան աշխարհի 170 երկիրներու 50 միլիոն սկաուտներուն ողջոյնները փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումին իրականացման համար եւ ըսաւ, որ սկաուտութիւնը համաշխարհային արժէք է, որովհետեւ ան կ’առաջադրէ բարեփոխել պատանին ֆիզիքապէս, հոգեպէս, գաղափարականօրէն եւ յուզականօրէն։
Թրումէլ յայտնեց, որ սկաուտութեան մէջ շատ կարեւոր է անձի օրինակը, անձնազոհութեան վրայ հիմնուած սեփական օրինակը, որուն լաւագոյն ներկայացուցիչն է Վահան Չերազ։ Ան աւելցուց, որ աշխարհի տարածքին հազուագիւտ են այն արձանները, ուր սկաուտ պատասխանատուները պատկերուած ըլլան սկաուտական տարազով եւ այս արձանը այդ հազուագիւտ արձաններէն մէկն է։
Իր խօսքին աւարտին, Թրումէլ անգամ մը եւս շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը արձանին բացման եւ 100-ամեայ յոբելեանին համար։
ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէին պատգամը փոխանցեց Հմայեակ Խոցանեան, որ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կիւմրիի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ է։ Ան խօսեցաւ երախտապարտութեան եւ հպարտութեան զգացումներու մասին։ Հպարտ եմ, որ Չերազի եղբայրը կրնամ նկատուիլ, ըսաւ ան։ Այն Չերազին, որ 3500 որբերով զբաղեցաւ, Անդրանիկի զինակից եղաւ եւ իր մահուան գնով տէրը եղաւ իր առաքելութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պարտականութեան։
Այսօր,- շարունակեց Խոցանեան,- Շիրակի աշխարհի սրտին՝ Կիւմրիի մէջ կանգնեցուած այս արձանը իր լուռ ներկայութեամբ պիտի ծառայէ սերունդներ դաստիարակելու գործին, որովհետեւ ան խորհրդանիշը պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժեհամակարգի մը, որմէ սորվելիք շատ բան ունին այսօրուան նոր սերունդի ներկայացուցիչները։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան։ Ան ըսաւ, որ յարգանքն ու մեծարանքը Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկզբունքներ են։ Հ.Մ.Ը.Մ. այսօր կը յարգէ հայ մարմնակրթութեան մեծ երախտաւոր մը եւ հայ սկաուտութեան նուիրեալ ներկայացուցիչ մը, որ իր արժանաւոր տեղը ունի միութեան պատմութեան մէջ։
Կէօվօղլանեան իր խօսքին մէջ ողջունեց Վահան Չերազի դստեր՝ Բիւրակնի ներկայութիւնը, նաեւ շնորհակալութեան խօսք փոխանցեց մշակոյթի նախարարութեան եւ Կիւմրիի քաղաքապետութեան, որոնք նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի շրջանին, որ ստանձնեց արձանին կառուցման բոլոր ծախսերուն բարերարութիւնը։ Վերջապէս, Կէօվօղլանեան գնահատեց արձանագործ Սամուէլ Պետրոսեանը, ճարտարապետ Սամուէլ Ումրոյեանը եւ գործին իրականացումը հետեւողանօրէն հետապնդած Վարուժ Սարեանը, որ նախկին լիբանանահայ մը ըլլալով՝ քանի մը տարիէ հաստատուած է Կիւմրի։
Կէօվօղլանեան շեշտեց, որ այսուհետեւ Վահան Չերազի արձանը Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի համար պիտի ըլլայ ուխտավայր, ուր ան պիտի ստանայ գաղափարական անսպառ ուժ եւ հայրենանուիրումի անվերջ կորով։
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Շիրակի փոխ մարզպետ Սոֆի Յովսէփեան։ Ան ըսաւ, որ այսօր գնահատանքի օր է։ Շիրակի մարզը կը գնահատէ իր արժանաւոր զաւկին եւ որբախնամի աշխատանքի մեծ նուիրեալին։ Յովսէփեան շեշտեց, որ Շիրակի մարզը բաց է բոլորին դիմաց եւ յառաջիկային կ’արժէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ կատարել նաեւ մարզի այլ շրջաններուն մէջ։
Խօսքերէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը, Շիրակի փոխ մարզպետ Սոֆի Յովսէփեանը եւ Վահան Չերազի արձանի հեղինակ Սամուէլ Պետրոսեանը։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սկաուտական «Ով հայ արի» քայլերգով։