
Մեծն` Պոսթընի մէջ, 2010-էն ի վեր ազդանշանը տրուած է, տարեկան դրութեամբ, կատարուող քերմէսին, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին: Այս տարի, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման օրը` Սեպտեմբեր 21-ին, նոյնքան խանդավառութեամբ կատարուեցաւ քերմէսը, որուն յաջորդեց երաժշտական երեկոյ: Արդարեւ, աւելի չորս հարիւր այցելողներ ժամանեցին քերմէսին վայրը, որ տեղադրուած ու սարքաւորուած էր, կեդրոնին պատկանող կառատան շրջափակին շուրջ:
Այս առթիւ ներկայ էր, Մասաչուսէցի քոնկրէսական թեկնածու Փիթըր Գութուճեան, որ իր շնորհակալութեան խօսքր փոխանցեց եւ կոչ ուղղեց տեղւոյն գաղութին, որպէսզի նեցուկ կանգնի, իր թեկնածութեան:
Պոսթընի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի անդամները ցոյց տուին իրենց նուիրումն ու անաչառ եւ հետեւողական աշխատանքը: Գործի լծուած էին բոլոր տարիքի պոսթընահայերը: Անոնք տրամադրած էին ամբողջ շաբաթ օր մը: Գեղարուեստական յայտագիրն ալ ճոխ էր: Ելոյթ ունեցան հայրենի սիրուած երգիչներ` Անտրէն եւ Սոֆի Մխէյեանը:
Ձեռնարկը տեւեց մինչեւ կէս գիշեր եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:
Ներկայ մը