Հ.Հ. Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Սփիւռքի Նորանշանակ Նախարար Մխիթար Հայրապետեանը

0 0
Read Time:41 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Հ. Վարչապետ ՆԻԿՈԼ Փաշինեան ներկայացուց Սփիւռքի Նորանշանակ Նախարար Մխիթար Հայրապետեանը: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Այս վերջինը, իր հերթին, շնորհաւորեց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, ապա ծննդեան տարեդարձը: Նոյն օրը Մխիթար Հայրապետեանի ծննդեան տօնն էր, որուն մասին տեղեկանալը անակնկալ էր նաեւ Հ.Հ. Վարչապետին համար:  Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց երիտասարդ նախարարներու ներգրաւումը կառավարութեան կազմէն ներս՝ նշելով, որ երիտասարդ տարիքը խոչընդոտ չի կրնար հանդիսանալ լաւ աշխատանքին, եւ որ ինք նոյնպէս այդ տարիքին եւ աւելի վաղ ստանցնած է պատասխանատու պաշտօններ։ Ապա, ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նախարարութեան աջակիցը դառնալու։

Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեանին՝ նախարարութիւնը հիմնելուն համար՝ նշելով, «ես պատրաստ եմ ագահաբար ձեր աջակցութենէն օգտուելու»։

Ապա Հրանոյշ Յակոբեան առանձին հանդիպումով հրաժեշտ տուաւ իրեն մտերիմ դարձած նախարարութեան աշխատակազմին՝ ըսելով, որ նախարարները անցողիկ են, կարեւորը գործն է եւ այդ ճանապարհին սեփական դէմքը չկորսնցնելու բարդ կարողութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles