
ՎԱՆՔՈՒՎԸՐ.- Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի խաղաղարարութեան նախարարական համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ, Քանատայի Պրիփիշ Գոլումպիա ՙ նահանգի մեծագոյն քաղաք՝ Վանքուվըրի մէջ: Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, ներկայ եղաւ այս ժողովին, որուն հիմնական թեմաները նուիրուած էին Մ.Ա.Կ.-ի խաղաղարար առաքելութիւններուն արդիւնաւէտութեան բարձրացման։ Նշենք, որ վերոնշեալ համաժողովին բացումին մասնակցեցաւ Գանատայի արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը: Մ.Ա.Կ.-ի խաղաղարարութեան նախարարական համաժողովին մասնակցելէ ետք, հայկական պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ կեդրոն, ուր Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Քանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան։
Վիգէն Սարգսեան անդրադարձաւ հայկական զինուած ուժերու արդիականացման աշխատանքներուն, մասնաւորապէս՝ բանակի մարտունակութեան բարձրացման, նոր սպառազինութեան ձեռքբերման, մարտական հերթապահութիւնը առաւել անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։
Նոյեմբեր 16-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Մոնրէալի Royal Military College Saint-Jean ռազմական վարժարանը եւ ծանօթացաւ ուսումնարանի գործունէութեան:
Նոյն օրուան երեկոյեան, նախարար Սարգսեան, Քեպէքի հայ համայնքի միացեալ մարմնի կազմակերպած եւ Հ.Հ. դեսպանատան կողմէ հովանաւորուած ժողովրդային հաւաքի գլխաւոր զեկուցող բանախօսն էր։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ Մոնրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ։
Նախարարը զեկուցեց հայկական բանակի սպառազինման, մարտական դիրքերուն մէջ ընթացող ճարտարագիտական եւ արհեստագիտական աշխատանքներուն, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացման ծրագիրներուն, սահմանային իրադրութեան, ապրիլեան պատերազմէն ետք կատարուած ծրագիրներուն, ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթին եւ շարք մը այլ հարցերու:
Նախարարը հետադարձ ակնարկով մը, անդրադարձաւ Հայոց բանակի անցած ուղիին եւ ըսաւ, որ կամաւորական շարժումով ծնունդ առած Հայոց բանակը, այսօր Հարաւ-կովկասեան տարածաշրջանին մէջ հզօրագոյնն է։
Նախարար Սարգսեան ներկայացուց բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրը, որ կը նախատեսէ մարտունակութեան կենսագործում, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացում, առաջնագիծի մարտական դիրքերու կահաւորում, նորագոյն սպառազինութեամբ զինատեսակի համալրում, ռազմաբժշկական որակի բարձրացում, հաշմանդամ զինծառայողներու հոգատարութեան բարելաւում, արդարութեան և հանրային վստահութեան ամրապնդում եւ ռազմական կրթութեան որակի բարձրացում։ Նախարարը յատկապէս շեշտեց, որ Արցախի Ապրիլեան պատերացմէն ետք, գլխաւոր փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցած է վերջին տարուան ընթացքին այն է, որ առաջնագիծը որակապէս փոխուած է, արհեստագիտական սարքաւորումներու եւ տեսադիտարկման սարքերու տեղադրումով: Այս ձեւով հայ դիրքապահ զինուորի ծառայութիւնը աւելի ապահով դարձած է:
Նախարարը յիշեցուց նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր 40-րդ քաղաքացին զինուած ուժերուն մէջ ծառայող է։ Ան ըսաւ, որ այս իրողութիւնը, թուային առումով մեզ արդէն կը դարձնէ Ազգ-բանակ:
Հաւաքի աւարտին նախարարը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։