Լրահոս

Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելեց Ֆրանսա

ՓԱՐՒԶ.- Մարտ 7-ին, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Ֆրանսա:
Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի, Ծերակոյտի նախագահ Ժեռար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի, եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի հետ: Այս առթիւ ստորագրուեցան բաձր մակարդակի երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ու փոխադարձ գործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր:
Նաեւ նախագահ Սարգսեան Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանին հետ: Ան ընդգծեց, որ այս հանդիպումը նախ եւ առաջ լաւ առիթ է` ամփոփելու նախորդ տարիներու ձեռքբերումները եւ ուղենշելու հետագայ ընելիքները` նկատի առնելով, որ յաջորդ տարի կը լրանայ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութեան տասնամեակը: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան ընթացքին Հայաստանը երբեք չէ դադրած ջանքեր գործադրել` խրախուսելու կազմակերպութեան արժէքներու եւ ֆրանսերէնի տարածումը: Նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան աջակցութեամբ է, որ Հայաստանի մէջ արդէն կը գործէ ֆրանսերէնով կրթական ծրագիրը` մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախեան տագնապին վերաբերեալ կազմակերպութեան եւ անձամբ Միքայէլ Ժանի հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button