
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ քանի մը օր ետք Ուաշինկթընի մէջ, միջուկային անվտանգութեան խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի, քանի մը օրով ժամանեց Մասաչուսէց:
Նախագահ Սարգսեանի կողքին, պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ Վիգէն Սարգսեանէ, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէ, Կրթութեան նախարար՝ Լեւոն Մկրտչեանէ, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեա դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանէ, Լոս Անճելըսի մօտ Հ.Հ. հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսովէ եւ Նիւ Եորքի Մ.Ա.Կ.-ի մօտ ներկայացուցիչ՝ Զոհրապ Մնացականեանէ:
Երկուշաբթի, Մարտ 28-ի յետմիջօրէին, պատուիրակութիւնը ժամանեց Պոսթընի միջազգային օդակայան, ուր կատարուեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն:
Այս պատուիրակութեան միացած էին նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Բարեջան Առաջնորդներ՝ Օշական Արք. Չօլոյեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմ) եւ Խաժակ Արք. Պարսամեան (Էջմիածնական թեմ) եւ հրապարակագիր Յարութ Սասունեան:
Երեկոյեան, ազդանշանը տրուեցաւ շարք մը այցելութիւններու, հայահոծ Ուաթըրթաուն շրջանէն ներս: Առաջին հերթին, պատուիրակութիւնը այցելեց 1971-էն ի վեր գործող Ամերիկայի Հայկական թանգարան-գրատուն (ALMA), ուր նախագահին ցուցադրուեցան Հայոց Ցեղասպանութէնէն մնացած յիշատակելի իրեր, նաեւ այլ պատմական եւ մշակութային գործեր: Ապա, պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Պայքար» կեդրոնը, ուր կը գործէ «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» անգլիատառ թերթը:
Յաջորդ հանգրուանն էր «Հայրենիք» հաստատութիւնը, ուր ներկայ էին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներն ու քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ: Նախագահը այցելեց, հաստատութենէն ներս գտնուող Հայաստանի Ա.Հանրապետութեան արխիւները: Նաեւ, այցելեց 117-ամեայ ամենահին հայատառ թերթին խմբագրատունը: Նաեւ, կատարուեցաւ հանդիպում Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի հետ («Հայրենիք» հաստատութեան այցելութիւնը՝ առանձին):
Ապա նախագահ Սարգսեան այցելեց Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Յակոբ եւ մօտակայ Քէյմպրիճ շրջանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիները:
Պատուիրակութիւնը պիտի շարունակէ իր այցելութիւններու շարքը, որոնց կարգին՝ Պոսթընի կեդրոնական շրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան ի յիշատակ «Ժառանգութեան Պարտէզ»ը, համալսարաններ եւ հանդիպումներ «Լոյս» հիմնարկի ուսանողներուն հետ: