
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ աւարտեցաւ երեկոյեան…ժամը 8:00-ին: Սպասուածին նման ոչ մէկ անակնկալ արձանագրուեցաւ: Նոյնիսկ երկրորդ հանգրուանի ալ կարիքը չկայ: Արդարեւ, ըստ ոչ պաշտօնական նախնական արդիւնքներու, Սերժ Սարգսեան յաղթական դուրս եկած է, ապահովելով քուէներու 59 առ հարիւրը: Իսկ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան ապահոված է քուէներու 32 առ հարիւրը: Մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է մօրաւորապէս յիսուն առ հարիւր: Այս գծով, միջազգային լրատուամիջոցները յայտնեցին թէ.-“Ընտրութիւն կայ…Ընտրութիւն չկայ““:
Վերջին օրերուն, Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը, արտակարգ թափով աշխատանք տարած էր, կանոնակարգելու համար ընտրութիւններու կապուած հարցերը: Ընտրատարածքային ու տեղամասային յանձնաժողովներուն փոխանցուած էին վերջին յանձնարարական ծրագիրները: Նախապատրաստական աշխատանք տարուած էր նաեւ կանոնակարգելու համար պատկերասփիւռի ընկերութիւններու աշխատանքը եւ արդէն հաւատարմագրուած լրագրողները, որ շարունակ փոխանցումներ կատարեցին նախագահի թեկնածուներու ձայներու եւ տուեալներու մասին:
Նախընտրական քարոզարշաւի վերջին օրը թեկնածուները ամփոփած էին իրենց 28-օրեայ ընտրապայքարը, գոհունակութիւն յայտնելով իւրաքանչիւրը իր ունեցած ընթացքին, բայց ոչ` հակառակորդներուն համար: Հետաքրքրականը այն է թէ թեկնածուներէն ոմանց ծրագրին կարելի չէր եղած ծանօթանալ: Ընտրարշաւը կայացած է հիմնականօրէն քարոզչական միջոցներու վրայ: “Երկիր“ կայքէջը անդրադառնալով ընտրութեան մասին, հաղորդեց թէ թեկնածու Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի նախընտրական գրասենեակը ստոյգ տեղեկութիւն ստացած է. որ հանրապետական պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեան հաւաքած է չորրորդ գիւղի երկու մանկապարտէզներու աշխատակիցները եւ իւրաքանչիւրին 25 հազար դրամ բաժնած՛ նախագահ Սարգսեանին ձայն տալու համար: Միւս կողմէ Գիւմրիի 34-36 տեղամասին մէջ տեղի ունեցող խախտումներուն մասին՛ Ազգային ժողովի ““Ժառանգութիւն““ խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան շտապած է նշեալ ընտրատեղամաս: Նոյն տեղ յայտնուած է ՀՀԿ-ի անդամ պատգամաւոր Սուքիաս Աւետիսեանը: Երկու երեսփոխաններուն միջեւ ծագած է վէճ. որուն պատճառով Յակոբեան ոստիկանատուն տեղափոխուած է: Այլ թեկնածու մը` Վարդան Սեդրակեան կատարեց իր ընտրութիւնը եւ ըսաւ որ կը սպասէ իր յաղթանակին: Ան զայրացաւ լրագրողներու այն հարցումէն. թէ ո՞ր թեկնածուին համար քուէարկած է եւ ազդարարելով ըսաւ թէ պէտք է լրջութիւնը յարգել:
Ռաֆֆի Յովհաննիսեան քուէարկելէ ետք, յաջողութիւն մաղթեց իր մրցակիցներուն:Հրանդ Բագրատեան յայտնեց թէ քուէարկած է նոր Հայաստանի համար եւ ընտրական խախտումներու մասին, յաւեալ մանրամասնութիւններ փոխանցած է Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին:
Պարոյր Հայրիկեան քուէարկելէ ետք նշեց. որ ան իր ընտրութիւնը կատարած է այն Հայաստանի համար, որ ինք կը փորձէր ներկայացնել քաղաքացիներուն: Ան աւելցուց թէ այս մէկը կրնայ նաեւ քաղաքացիներու աջակցութեամբ իրականութիւն դառնալ: “ Ես կը ցանկամ. որ Հայաստան դառնայ աշխարհի բացառիկ երկիրներէն մէկը“, եզրակացուց ան:
Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեանը յայտնեց, որ Քոչարեան արտասահման կը գտնուի եւ ընտրութեան չմասնակցիր:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան քուէարկութիւն կատարելու ժամանակ, խոստացած մտածել վարչապետի պաշտօնին վրայ մնալու մասին: Իսկ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան քուէատուձէն վերադառնալու ժամանակ ըսաւ թէ այս քուէարկութեամբ յոյսով է որ յառաջիկայ տարիները մեր երկրին համար յաջողութեան տարիներ ըլլան տարբեր մարզերու մէջ, ի շահ Հայաստանի. Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ իր կարգին կատարած էր իր քաղաքացիական պարտաւորութիւնը եւ քուէարկած: