
ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, Յունուար 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններու պաշտօնական քարոզարշաւին ազդանշանը տրուեցաւ:
Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան “Երկիր Մետիա“-ին յայտնեց.- “Մենք յառաջիկայ մէկուկէս-երկու ամիսը որոշակի դադարի մէջ ենք: Ճիշդ է, որ պետութեան մէջ ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնները պիտի ըլլան, բայց իրենց կանխատեսելիութեամբ որեւէ ակնկալիքի տեղ չեն ձգեր“: Աղուան Վարդանեան նաեւ Նշեց, թէ 1995-էն սկսեալ ընտրական համակարգը` իբրեւ իշխանութիւն փոխելու միջոց, Հայաստանի մէջ ոչնչացած է: Այս բնոյթի ընտրութիւններուն մասնակցիլ կը նշանակէ ձեւ ընել, թէ ընտրութեամբ զբաղած ենք:
Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Հ.Յ.Դ.-ի կատարելիքները պիտի սկսին ընտրութիւններէն ետք:
“Այս ընտրութիւններով իշխանափոխութիւն կատարելու յոյս չեմ տեսներ: Այս ընտրութիւնները վերածուած են խաղի մը, որ կանոններ չի ճանչնար: Այս ընտրութիւններով երկրին, քաղաքացիին առջեւ կանգնած խնդիրները չեն լուծուիր“, ըսաւ Աղուան Վարդանեան եւ եզրակացուց. “Քաղաքական դաշտի վերաձեւաւորուիլը ակնյայտ է“:
Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւնները չեն կրնար ըլլալ դանդաղ. այնքան ակնյայտ եւ դժուար են խնդիրները, որ անոնց քայլ առ քայլ լուծումը ոչ մէկ տեղ կը տանի, անհրաժեշտ են արմատական, կտրուկ փոփոխութիւններ: “Մենք եկած ենք սահմանագիծի մը, որ ոչ թէ կը փորձենք քննարկել ու լուծել: Այսօր վտանգաւոր վերջին սահմանագիծն է, որմէ ետք պիտի ըլլան փոփոխութիւններ“, ընդգծեց ան եւ մատնանշեց նաեւ Հ.Յ.Դ. խնդիրները: “Մենք ունինք լուրջ հարց, որուն կը գիտակցինք. մենք ունինք լաւ պատմութիւն, հրաշալի ծրագիրներ, լաւ խումբ: Բայց մենք ունինք խնդիր մը‘ դժբախտաբար, չենք յաջողած այս ընթացքին հասկնալի, պարզ ձեւով մեր հասարակութեան, քաղաքացիներուն, ընկերային շերտերուն ապացուցել, որ մեր գաղափարը, ճամբան երկրին համար իրագործելի ծրագիրներ են, որ Դաշնակցութեան հետ քաղաքացին յոյս կապէ: Ասոնք առարկայական պատճառներ են“:
Նախագահի պաշտօնին համար կը մրցին 8 թեկնածուներ` Ազատութիւն կուսակցութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրէս խմբակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան, Ազգային համաձայնութիւն կուսակցութեան ղեկավար Արամ Յարութիւնեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, “Ռատիօ Հայ“-ի տնօրէն, քաղաքագէտ Անդրէաս Ղուկասեան, Արցախի նախկին Արտաքին գործոց նախարար Արման Մելիքեան, Հայաստանի գործող նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան եւ գործազուրկ, դիւցազնագէտ Վարդան Սեդրակեան:
Քարոզարշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 16, իսկ երկու օր ետք պիտի կատարուի ընտրութիւն: