
ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ շաբաթավերջին, Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կազմը ամբողջացաւ: Հ.Յ.Դաշնակցութենէն երկու նախարարներ` Արծուիկ Մինասեան Եւ Արթուր Խաչատրեան, մաս կը կազմեն այս կառավարութեան: Արծուիկ Մինասեան նշանակուած է տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար, իսկ Արթուր Խաչատրեան` գիւղատնտեսութեան նախարար:

Ստորեւ Հ.Հ. կառավարութեան ամբողջական կազմը.-
— Վարչապետ – Նիկոլ Փաշինեան
— Առաջին փոխվարչապետ – Արարատ Միրզոյեան
— Փոխվարչապետ – Տիգրան Աւինեան
— Փոխվարչապետ – Մհեր Գրիգորեան
— Պաշտպանութեան նախարար – Դաւիթ Տօնոյեան
— Սփիւռքի նախարար – Մխիթար Հայրապետեան
— Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար – Մանէ Թանդիլեան
— Արտաքին գործերու նախարար – Զոհրապ Մնացականեան
— Արդարադատութեան նախարար – Արտակ Զէյնալեան
—Հ.Հ. տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար – Սուրէն Պապիկեան
— Առողջապահութեան նախարար – Արսէն Թորոսեան
— Գիւղատնտեսութեան նախարար – Արթուր Խաչատրեան
— Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար – Լեւոն Վահրադեան
— Ելեւմտական նախարար – Ատոմ Ջանջուղազեան
— Արտակարգ իրավիճակներու նախարար – Հրաչեայ Ռոստոմեան
— Ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար – Արթուր Գրիգորեան
— Մշակոյթի նախարար – Լիլիթ Մակունց
— Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար – Արծուիկ Մինասեան
— Բնապահպանութեան նախարար – Էրիկ Գրիգորեան
—Փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական գիտարուեստներու նախարար – Աշոտ Յակոբեան
— Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար – Արայիկ Յարութիւնեան