Հ.Հ. ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԱՅԹՐՔԱԿԱՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 11 Second

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, պատասխանելով »Ժառանգութիւն« կուսակցութեան պատգամաւորի այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին, հայթրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանի հիմնական օրակարգէն դուրս դրուին: Ան ըսաւ, թէ այս յարաբերութիւններուն առնչուած քայլերը կախեալ են ապագային տեղի ունենալիք զարգացումներէն, որոնց գծով ոչինչ կարելի է ըսել:
»Մենք բազմիցս յայտարարել ենք, որ պատրաստ ենք ընթանալ առաջ, եթէ Թուրքիան նորից պատրաստ լինի առանց նախապայմանների գնալ յարաբերութիւնների կարգաւորման«, ըսաւ ան եւ աւելցուց թէ, Հայաստան ամէն տեսակի ջանք ի գործ դրած է հայթրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գծով ճամբայ բանալու համար, սակայն Թուրքիա նոյն մօտեցումը չցուցաբերեց: Նախարարը հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը եւս այս մասին լաւատեղեակ է, նոյնիսկ վերյիշեցուց Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարարին Հայաստանէն կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ այս յարաբերութիւններու վերաբերող գնդակը ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ դաշտին մէջ, որովհետեւ Հայաստան արդէն պէտք եղածը ըրած է, կը մնայ, որ Թուրքիա եւս յառաջ ընթանայ այդ գծով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է եւ մնայուն կերպով օրակարգի վրայ է: »Մենք ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի շարունակման ջատագովն ենք շարունակելու լինել: Հայթրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում նաեւ թէ° թրքական կողմին եւ թէ° հանրութեան հրապարակայնօրէն ասել ենք, որ Հայաստանը երբեք հարցականի տակ չի դնի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ դրա միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը«, ըսաւ ան:
Պատասխանելով Հայաստանի կողմէ Արցախի ճանաչման պարագային վերաբերող հարցումի մը՝ Նալպանտեան դիտել տուաւ, որ ներքին զգայուն հանգրուանին, երբ բանակցութիւններ տեղի կÿունենան, նպատակայարմար չէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը յառաջ մղել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles