
Read Time:29 Second
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան կողմէ առաջարկուած «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծը, ըստ որուն` ուժի մէջ կը մտնէ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչը:
Եթէ նախկին կարգաւորումով կենսաթոշակային համակարգի մասնակիցը կը կուտակէր իր եկամուտի 10 առ հարիւրը, որուն 5 առ հարիւրը կը վճարէր անձը, իսկ 5 առ հարիւրը անձի օգտին` պետութիւնը, ապա նոր կարգաւորումով ամրագրուեցաւ, որ քաղաքացիները պիտի փոխանցեն 2,5 առ հարիւր, իսկ 7,5 առ հարիւրը` պետութիւնը:
Այս փոփոխութեամբ պետութիւնը կը նախատեսէ թեթեւցնել համակարգին միացած եւ միացող անձերու ընկերային բեռը: