
Փրովիտընս, Րոտ Այլընտ.- Հ.Ե.Դ.-ի 82-րդ Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան Րոտ Այլընտ նահանգի մայրաքաղաքին մէջ, Հինգշաբթի Սեպտեմբեր 3էն մինչեւ Երկուշաբթի Սեպտեմբեր 7, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն «Վարանդեան» մասնաճիւղին: Մասնակիցներն ու ներկաները ժամանած էին տարբեր նահանգներէն, եւ ոմանք նոյնիսկ դրացի երկիրներէ: Անոնք բոլորն ալ վայելեցին Փրովիտընսի կեդրոնի պանդոկներն ու ճաշարանները:
Ժամանողները առիթ ունեցան, ոչ միայն խաղերուն ներկայ գտնուելու, այլ նաեւ ճաշկերոյթներու եւ պարահանդէսներու մասնակցելու, ըմբոշխնելու հայկական երաժշտութիւն:
Ուրբաթ երեկոյ, վեթերաններու համար տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն,որուն ընթացքին ներկաները ճաշեցին եւ հայրենի երաժշտութիւնը վայելեցին: Իսկ Կիրակի գիշերուայ պարահանդէսը աւելի հարուստ մթնոլորտ ստեղծեց:
220 մարզիկներ մասնակցեցան այս տարուայ Ողիմպիականին եւ մետալներու դասաւորման մէջ, Փրովիտենսը գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Երկրորդ հանդիսացաւ Պոսթընի շրջանը, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Ֆիլատելֆիոյ Երիտասարդականը:
Չորրորդ դիրքը գրաւեցին միասնաբար Վուսթըր եւ Նիւ Ճըրզի:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ողիմպիականները, որոնք տարեկան դրութեամբ կը կատարուին, առիթ կ՛ընծայեն որպէսզի զանազան սերունդներ միանան եւ վերյիշեն մանկութեան օրեր: