Լրահոս

Հ․Օ․Մ․-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 115-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

 

   ԵՐԵՒԱՆ․- Հայ Օգնութեան Միութիւնը ուրախ է յայտարարելու, որ շարք մը ձեռնարկներով եւ հանդիսութեամբ պիտի ոգեկոչէ միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակը։ 15-էն 25 Հոկտեմբեր, 2025-ին Հ․Օ․Մ․-ի անդամներ եւ համակիրներ աշխարհի չորս ծագերէն պիտի մէկտեղուին՝ ոգեկոչելու համար աւելի քան դար մը անսակարկ մարդասիրական ծառայութեան, մշակութային պահպանման եւ հայ ժողովուրդին բարեկեցութեան ապահովման առաքելութեան լծուած Հայ Օգնութեան Միութեան 115-ամեակը։

Յոբելենական ձեռնարկները կ՛ընդգրկեն ոգեկոչման հաւաքներ, մշակութային ծրագրեր, ինչպէս նաեւ տարբեր այցելութիւններ՝ լուսարձակի տակ բերելու համար Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնները եւ պատուելու համար անոնք, որոնք իրենց աշխատանքով եւ նուիրումով Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութիւնը իմաստաւորեցին։

Շուտով պիտի յայտարարուի պաշտօնական յայտագրին մանրամասնութիւնները։

Հ․Օ․Մ․-ի 115-ամեակը ոչ միայն անցեալի տօնակատարութիւն է, այլեւ առաքելութիւնը շարունակելու կոչ մը։

Հայ Օգնութեան Միութեան անդամները եւ համակիրները  կրնան արձանագրուիլ Հ․Օ․Մ․-ի տեղական վարչութիւններուն մօտ՝ Երեւանի մէջ կայանալիք ձեռնարկներուն մասնակցելու համար։

Advertisement Subscribe Today

Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութեան նեցուկ կանգնեցէք՝ նուիրատուութիւն կատարելով հետեւեալ հասցէին․-

https://ars1910.org/donations/115th-anniversary/

Միացէ՛ք մեզի Հայաստանի մէջ՝ ոգեկոչելու համար 115 տարիներու ծառայութիւնը, զօրակցութիւնը եւ նուիրումը։

115 Տարիներու Անխոնջ Նուիրում

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button