«Ես Եմ Ճամբան»

0 0
Read Time:3 Minute, 51 Second

 

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Նիկոսիա, Ապրիլ 2023

«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»
(Աւետարան ըստ Յովհաննու 14:6):

Քրիստոսի աշխարհ գալը աննպատակ չէր: Ունէր յատուկ եւ յստակ առաքելութիւն մը` մարդկութեան եւ աշխարհին ցոյց տալ «ճամբան», որուն միջոցով մարդը պիտի հասնի «ճշմարտութեան» եւ անպայմանօրէն` «կեանքին»:

Քրիստոսի աշխարհ գալը եւ անոր նպատակը յստակ կերպով ընդգծուած են Յովհաննու 3:16-ին մէջ. «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը»: Աստուծոյ սէրը անսահման է` մարդուն եւ աշխարհին: Այս անսահման սէրը պատճառ դարձաւ, որ Աստուած մարդանայ եւ աշխարհ գայ` «Իր միածին որդին ղրկեց»: Աստուծոյ մարդանալը եւ աշխարհ գալը ունէր մէկ մեծ առաքելութիւն` մարդը գտնել, փրկել եւ առաջնորդել: Այս այն առաջնորդութիւնն է, որ մարդը կը տանի դէպի յաւիտենականութիւն` «Որպէսզի ան, որ Անոր հաւատայ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննու 3:16):

Այս ճամբան մարդուն համար է, որպէսզի մարդը «չկորսուի»: Չկորսուելու համար մարդը պէտք ունի այս «ճամբուն», որ զինք պիտի տանի ճշմարտութեամբ լեցուն կեանք մը ապրելու: Քրիստոս այս ճամբան մարդուն եւ աշխարհին շնորհելու համար է, որ աշխարհ եկաւ: Աշխարհ գալով` իրականացուց այս ճամբան, երբ Ան խաչուեցաւ, մահացաւ եւ յարութիւն առաւ: Յարութեամբ սկսած եւ կերտուած այս ճամբով է, որ մարդը կրնայ հասնիլ ճշմարտութեան եւ կեանքին:

Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան»: Այս ճամբան Ինքն է` Իր անձը: Իր ճամբան է, որ Իր անձով եւ Իր արեամբ կերտեց, երբ մահացաւ խաչին վրայ եւ զոհուեցաւ: Քրիստոսի մահուամբ եւ իր կեանքին զոհողութեամբ է, որ ստեղծուեցաւ ճշմարտութիւնը: Այս ճշմարտութիւնը Ի՛նքն է: Իր ճշմարտութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ Ան Աստուած է, որ հաւատարիմ եւ ողորմացող է: Ինք զոհ դարձաւ, որպէսզի աշխարհը գիտնայ եւ ունենայ ճշմարտութիւնը, որ Իր կեանքով կերտուեցաւ: Քրիստոս մարդուն տուաւ այս ճշմարտութեան ճամբան, որ Ինքն է, եւ որպէսզի մարդը ապրի այս ճշմարտութեան մէջ, հաւատայ անոր եւ խօսի անոր մասին: Այս ճշմարտութիւնն է, որ արդարութիւն կը շնորհէ:

Քրիստոսի մահը եւ յարութիւնը մարդուն տուին կեանք: Կեանքը, որ Իրմով է: Այս կեանքը ապրող կեանք է` հոս այս աշխարհի վրայ, եւ որ կը շարունակուի ֆիզիքական կեանքէն անդին` մինչեւ յաւիտենականութիւն: Այն յաւիտենականութիւնը, որ չի վերջանար: Այս չվերջացող կեանքն է, որ Աստուած շնորհեց մարդուն Իր զոհողութեամբ: Զոհողութիւնը Իր կեանքի արիւնն է, որ թափեց մարդկութեան համար:

Եթէ մենք Յարութեան տօնը կը յիշենք եւ կը յիշատակենք, որովհետեւ այս Յարութիւնը մեզի` աշխարհին եւ համայն մարդկութեան շնորհեց «ճամբայ» մը, որ մեզ կը տանի ճշմարտութեան եւ կեանքին: Եթէ այս ճամբան շնորհք է մեզի` ձրի տրուած, բայց անոր համար շատ սուղ գին մը վճարուած է: Այդ գինը Քրիստոսի աշխարհ գալով եղաւ` անոր խաչին վրայ մահով եւ յարութեամբ:

Կայ ներկայ օրերու տիրական հարցումը. «Ո՞ւր կը կենայ աշխարհ այսօր: Ո՞ւր կը կենայ հայը այսօր: Այս ճամբուն մէ՞ջն են, թէ՞ կորսուած են ու կը փնտռեն այլ ճամբաներ»:

Իսկ անոնց փնտռա՞ծը:

Եթէ պահ մը նայինք աշխարհին եւ հայկական իրականութեան, դժուար պիտի չըլլայ տեսնել, որ կորսուած վիճակ մը գոյութիւն ունի: Աշխարհը ամէն կողմ կ՛ապրի տագնապ` պատերազմ, տնտեսական մտահոգութիւն, դժգոհութիւններ, անապահովութիւն, արհաւիրք ու տակաւին: Հայկական իրավիճակն ալ այսօր տագնապի մէջ է: Եթէ նայինք հայկական իրականութեան` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք(ներ), հոն ալ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս հայն ալ կորսնցուցած է իր ճամբան: Հայկական կեանքերը այսօր կ՛ապրին մէկ կողմէ անորոշութիւն, պառակտում, բայց նոյնքան նաեւ` մտահոգութիւն, յուսահատութիւն եւ յուսախաբութիւն: Հայն ալ կորսնցուցած է իր հաւատքը եւ կը փորձէ ելքեր գտնել դուրս գալու համար իր այս վիճակէն:

Թովմաս առաքեալ եթէ ունէր մէկ կողմէ շուարած վիճակ մը, բայց նոյնքան նաեւ` համեստ հոգի մը: Ան չվարանեցաւ Քրիստոսի ուղղելու իր մտահոգութիւնը, երբ ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կրնանք ճամբան գտնել» (Յովհաննու 14:5):

Քրիստոս կրցաւ փարատել Թովմասի մտահոգութիւնը` «Ես եմ ճամբան» պատգամելով:

Աշխարհը կ՛ապրի թոհուբոհի մէջ եւ կորսուած վիճակ մը ունի, որովհետեւ կորսնցուցած է իր ուղղութիւնը:

Ու դարձեալ հրատապ հարցումը. «Կա՞յ արդեօք համեստութիւնը եւ կոտրուած հոգին, որ խոնարհաբար պիտի հարցնէր, թէ ինչպէ՞ս կրնար ճամբան գտնել»:

Քրիստոսի մահը եւ անոր յարութիւնը պիտի տան մեզի պատասխանը, անոր հետ նաեւ ցոյց պիտի տան ճամբան:

Այս ճամբան մեզ պիտի տանի դէպի ճշմարտութիւն` կեանքի իրականութիւններուն մէջ ապրելու: Այս այն ճշմարտութիւնն է, որ կը կերտէ մեզ, մեր ընտանիքները, մեր հաւաքականութիւնները, մեր հայրենիքները` Հայաստան եւ Արցախ:

Այս ճշմարտութիւնն է, որ կ՛ապրեցնէ մեզ: Կու տայ կեանքը, ուր կրնաս ապրիլ համերաշխութիւնը, մարդկային հաղորդակցութիւնը եւ նաեւ կիսել սէրը: Սէրը` Աստուծոյ, հայրենիքին, հայուն եւ մարդկութեան:

Այս կեանքն է, որ կը կերտէ նոր կեանքեր:

Աշխարհը այսօր պէտք ունի այս ճամբուն: Հայը այսօր պէտք է (վերա)գտնէ իր կեանքի ուղղութիւնը: Հայը պէտք է վերադառնայ այս ճամբուն, որուն հաւատաց եւ կառչեցաւ անոր իր պատմութեան վաղ ժամանակներէն սկսեալ եւ իր համակ կեանքը նուիրեց այս ճամբուն: Հայը պէտք է վերագտնէ ու դարձեալ ապրի այս ճամբուն շնորհած կեանքին մէջ:

Յարութեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ եւ կը խթանէ, որ Քրիստոս Ի՛նք է «ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»: Այս այն ճամբան է, որ Քրիստոս կերտեց իր մահուամբ եւ իր յարութեամբ:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:

Այս յարութեան հոգիով (վերա)գտնենք մեր ճամբան:

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles