Հ․Յ․Դ․-ի 135-Ամեակի Նշում՝ Քուէյթի Մէջ

Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբերին, Քուէյթի մէջ նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակը, տեղւոյն հայ կեդրոնի «Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Արտակ Աւգ. Քհնյ. Քէհեաեանը, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու պատասխանատուներ, երիտասարդական միութեան անդամներ եւ համակիրներ։
Ձեռնարկը բացուեցաւ Հայաստանի Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներով։ Քուէյթի Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ Յակոբ Մելիքսեթեան խօսք առնելով նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առած է ժողովուրդէն՝ գործելու ժողովուրդին համար, եւ այսօր նոյն ոգիով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Քուէյթահայ գաղութին մէջ՝ իր հովանիի տակ գործող մարմիններու միջոցաւ՝ Քուէյթի Ազգային Վարժարան, Եկեղեցի, Հ․Մ․Ը․Մ․, «Համազգային», Հ․Օ․Մ․, երիտասարդական եւ պատանեկան Միութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբ։
Ան իր խօսքը աւարտեց Սիմոն Վրացեանի խոսքերով․-
«Դաշնակցութիւնը քննադատութենէ եւ պայքարէ վախցող չէ։
Բան ունիք ըսելիք – հրամեցէ՛ք…
Բայց փաստ տուէք, միտք տուէք, տեսակէտ յայտնեցէք, եթէ ունիք…
Եւ պարկեշտ եղէ՛ք՝ թէ՛ ձեզ հետ, թէ՛ հակառակորդի հանդէպ։
Սուտը եւ հայհոյանքը տկարի զէնք են»։
Խօսք առաւ Յակոբ Բագրատունին, որ շեշտեց, թէ այսօրուայ գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալն է՝ իրաւ հայ ըլլալը։ Ան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ 1890-ին՝ Օսմանեան եւ ցարական լուծին տակ տառապող ժողովուրդին ցաւերը թեթեւցնելու եւ հայու կողքին մնալու նպատակով։ Այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր՝ ամէնուրեք, ուր հայը կ՛ապրի։
«Հայը, որ կը հաւատայ ազգային արժէքներուն, որ կը պահէ մեր պատմութենէն եկած աւանդոյթները եւ միաժամանակ կը համընթացի ժամանակակից պայմաններուն՝ հարստացնելով իր ինքնութիւնը եւ ոչ թէ օտարին ծառայելով», ըսաւ ան։
Ապա բեմ բարձրացաւ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայ Դատի բազմաշերտ եւ հետեւողական աշխատանքները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ Դատի աշխարհասփիւռ զինուորներուն՝ անխոնջ ծառայութեան համար։
Տօնական տրամադրութեան մէջ, Քուէյթի Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Արտակ Աւգ. Քհնյ. Քէհեաեան շնորհաւորեց Հ․Յ․Դ․-ի 135-ամեակը եւ կատարեց սեղանի օրհնութիւնը։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Քուէյթի վարչութեան շնորհաւորական ուղերձը ընթերցեց վարչութեան անդամ Դալար Սարգիսեան Սումպուլեան։ Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ գեղարուեստական յայտագրով եւ 135-ամեակի խորհրդանշական կարկանդակի հատումով։

