
ԵՐԵՒԱՆ․- Ապրիլ 15-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը յայտարարութիւն մը հրատարակեց տեղեկացնելով, որ այս տարի անհնար է աւանդական դարձած ձեւաչափով իրականացնել Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները: Յայտարարութեան մէջ, կը նշուի, թէ․- «Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ առողջապահական վտանգներու պատճառով այս տարի անհնար է աւանդական դարձած ձեւաչափով իրականացնել Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները: Քանի որ,
– Ջահերով երթը այս տարի հնարաւոր չէ կազմակերպել աւանդական ձեւաչափով:
– Ապրիլ 24-ին հնարաւոր պիտի չըլլայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր մեծ թիւով մարդոց այցելութիւնը,
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները կոչ կ՛ընեն Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին ժամը 21:00-էն վառել եւ մեր բնակարաններու պատուհաններուն դնել մոմեր` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ մեր պահանջատիրութեան»: